Քոլոմպիոյ Մէջ Հրոյ Ճարակ Դարձաւ Փոխադրակառք Մը

1905ColombiaԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Քոլոմպիոյ Մակտալենա շրջանի միջազգային մայրուղիին վրայ յանկարծակի կերպով հրոյ ճարակ դարձած է Ֆուտասիոն քաղաքէն Պոսքոնիա երեխաներ փոխադրող փոխադրակառքը: Մահացած են փոխադրակառքին մէջ գտնուող 32 անձերը, որոնց շարքին` 19 երեխաներ:

Ոստիկանութեան հրամանատար Ատան Լէոնի համաձայն, «փոխադրակառքը տեղափոխած է երեխաներ, որոնք կրօնական արարողութենէն ետք տուն կը վերադառնային»: Ողբեգրութիւնը տեղի ունեցած է կիրակի` տեղական ժամանակով ժամը 12:00-ին: Իրաւապահ մարմինները մինչեւ այժմ չեն կարենար նշել պատահարին պատճառները:

Քոլոմպիոյ նախագահ Խուան Մանուէլ Սանթոս արդէն իր ցաւակցութիւնը յայտնած է մահացածներու ընտանիքներուն: «Ես մեծ ցաւ կ՛ապրիմ պատահածին պատճառով` իբրեւ հայր եւ քոլոմպիացի», նշած է երկրին ղեկավարը:

 

Share this Article
CATEGORIES