Մալեզիոյ Նախկին Վարչապետը «Սի.Այ.Էյ.»-ը Կ՛այպանէ Անյայտացած Մալեզիական Օդանաւին Մասին Ճշմարտութիւնը Ծածկելու Համար

1905MalaysiaՄալեզիոյ ազդեցիկ նախկին վարչապետ Մահաթիր Մոհամետ իր պլոկին վրայ յօդուած մը գրելով յայտնած է, որ մալեզիական օդանաւային ընկերութեան անյայտացած «ԷՄ.ԷՅՉ.370» օդանաւը չջախջախուեցաւ եւ անոր գտնուած վայրը կրնայ ծանօթ ըլլալ «Սի.Այ.Էյ.»-ին եւ «Պոյինկ» ընկերութեան:

Նախկին վարչապետը ըսած է, որ օդանաւը, եթէ առեւանգուած էր, կրնայ «Սի.Այ.Էյ.»-ի կողմէ հեռավարով կամ արբանեակներու ճամբով «օթոփայլըթ»-ի դրութեան շրջուած ըլլալ:

Ան նշած է, որ օդանաւը կրնայ գտնուիլ այնպիսի վայր մը, ուր մալեզիական օդանաւային ընկերութեան նշանները անոր վրայէն կրնան վերցուած ըլլալ, եւ աւստրալիական ղեկավարութեամբ օդանաւի բեկորներու փնտռտուքին աշխատանքը «ժամանակի եւ դրամի մսխում է»:

«Օդանաւերը պարզապէս չեն անյայտանար, մասնաւորաբար ներկայ օրերուն, երբ հաղորդակցութեան հզօր համակարգեր կան», ըսած է ան:

 

Share this Article
CATEGORIES