Ուաշինկթըն Պաքուին Կոչ Կ՛ուղղէ Կատարելու Իր Պարտաւորութիւնները
Ազրպէյճանական kontakt.az կայքը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի մնայուն խորհուրդին մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Քրիսթոֆըր Ռոպինսըն յայտնած է, որ Ուաշինկթըն Ազրպէյճանին դարձեալ կոչ ուղղած է կատարելու իր պարտաւորութիւնները մարդու իրաւունքներու մարզին մէջ` հաշուի առնելով Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէին մէջ Պաքուի նախագահելու փաստը:
«Անցեալ շաբաթ մենք ուշադիր կը լսէինք Պաքուի` Եւրոպական Միութեան տրուած պատասխանները` կապուած քաղաքացիական գործիչներու ձերբակալութեան, հետապնդումներու եւ դատավճիռներու հետ: Մենք հիասթափուած ենք Պաքուի պատասխաններէն: Մենք կը շարունակենք ականատես ըլլալ քաղաքացիական հանրութեան եւ լրագրողներու նկատմամբ ճնշումներուն», ըսուած է Ռոպինսընի յայտարարութեան մէջ:
Ամերիկացի դիւանագէտը իր մտահոգութիւնը յայտնած է նաեւ յայտնի լրագրող Ռաուֆ Միրքատիրովի ձերբակալութեան, ինչպէս նաեւ իրաւապաշտպաններ Լէյլա եւ Արիֆ Եունուսներու ձերբակալութեան եւ հարցաքննութեան փաստին առնչութեամբ:
«Անոնք բոլորը աշխուժօրէն կ՛աջակցէին ղարաբաղեան տագնապի լուծման նպատակով տարուող երկխօսութեան: Միացեալ Նահանգները կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն աջակցելու երկխօսութեան հաստատման ու հայերու եւ ազրպէյճանցիներու միջեւ վստահութեան ստեղծման ուղղուած ջանքերուն: Միացեալ Նահանգներ նաեւ խորապէս հիասթափուած են ընդդիմադիր երիտասարդական ՆԻՏԱ շարժումի գործիչներուն դատավճիռներէն: Երիտասարդներուն բաւական երկար ժամանակով ազատազրկումը կ՛ընկալուի իբրեւ քաղաքական դրդապատճառներով (առնուած որոշում), եւ անոնց ներկայացուած մեղադրանքները դատարանին մէջ փաստերով չեն ապացուցուած», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Ազրպէյճան Եւրոպայի խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի նախագահութիւնը ստանձնած է 14 մայիսին` վեցամսեայ ժամկէտով:

