Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ պետութիւնը զգուշացուց նախագահական աթոռին թափուր մնալէն: Ան շեշտեց, որ ինք կը փափաքի ըլլալ նախագահական համախոհական թեկնածու, այլապէս` կը մերժէ իր թեկնածութիւնը առաջադրել:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներ մտավախութիւն կը յայտնեն Լիբանանի մէջ նախագահական աթոռի թափուր մնալուն հաւանականութենէն:

«ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ անձնական այցելութեամբ մը մեկնած է Փարիզ», շեշտեց առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր: Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, Ժոմպլաթ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալի հետ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ ինք Պրիհի հաշտութեան ներկայ չէ գտնուած, որպէսզի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ չձեռնուի:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի յայտնած է, որ ինք կ՛աշխատի սէուտցի պատասխանատուները համոզել, որպէսզի ընդունին Աունի թեկնածութիւնը:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ նախագահական ընտրութեան առումով արձանագրուին անակնկալներ եւ ի յայտ գան այնպիսի թեկնածուներ, որոնց անունը նախապէս բնաւ չէր յիշուած:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ Սուէյտայէն յայտնեց, որ Սուրիոյ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան ընթացքին նախագահ Պաշշար Ասատին ի նպաստ քուէարկելը արաբ ժողովուրդին համար արժանապատուութեան հարց է:

ՍՈՒՐԻ կրօնաւորներու հանդիպումի նախագահ, իսլամ քարոզիչ շէյխ Ալի Եասին յայտնեց, որ հանրապետութեան հզօր նախագահը կ՛երաշխաւորէ Լիբանանի ուժի պահպանումը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին նպատակն էր ջրել այն տպաւորութիւնը, թէ անոնց միջեւ յարաբերութիւնը վատթարացած է:

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ հաստատած են, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ անձնական այցելութեամբ մը երկրէն դուրս կը գտնուէր եւ ոչ թէ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին շրջագիծին մէջ ուղղուած էր Փարիզ:

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ Լիբանանը կը զգուշացնեն նախագահական աթոռին թափուր մնալու հաւանականութենէն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ռապիէէն, կը գրէ, թէ նախագահական ընտրութեան առումով գոյացած է համաձայնութիւն մը` Փարիզի եւ Ռապիէի համագործակցութեամբ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ հինգշաբթի օրուան նախագահական ընտրութեան նիստին իրենց մասնակցութիւնը կախեալ է որոշ զարգացումէ մը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, որ Մուսթաքպալ հոսանքը տակաւին ինքնավստահ չէ իր կողմնորոշումին մէջ եւ այդ պատճառով ալ ան կը սպասէ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ տրուելիք լոյսի մը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ Լիբանանի քոյր պետութիւնները կ՛ողջունեն լիբանանցիներուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութիւնը շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով թեկնածուի այլընտրանք չկայ, իսկ հաւանական միակ թեկնածուն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան զօրակցելու առումով իրենք կը սպասեն նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի պատասխանին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նախագահական ընտրութեան համախոհական թեկնածու մը չէ` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կտրականապէս կը մերժէ իր պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն թղթածրարը զուտ լիբանանեան հարց է, որուն Սէուտական Արաբիա միջամուխ չի դառնար:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը կայացնելու առումով Հըզպալլայի եւ զօր. Աունի կողմէ նիստին մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու արարքը Լիբանանի դէմ գործուած լուրջ դաւադրութիւն մըն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ իրենք չեն ուզեր ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որ Լիբանանի մէջ նոր պատերազմ մը բռնկեցնելու ծրագիր ունի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ անկարելի է որ հանրապետութեան նախագահ ընտրուի:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու կարեւորութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ 25 մայիսէն ետք արտաքին ուժեր պիտի սկսին միջամուխ դառնալ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES