Ժահժահ. «Նախագահական Ընտրութենէն 9 Օր Առաջ Զօր. Աունը Կարելի՞ Է Համախոհական Թեկնածու Նկատել»
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, անդրադառնալով Փարիզի մէջ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ իր ունեցած հանդիպումին, յայտնեց, որ Հըզպալլա մութ սենեակներու մէջ կը զօրակցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան, «սակայն եթէ ան իսկապէս թեկնածու է, ապա թող յայտարարէ իր նախագահական ծրագիրը, եւ բոլոր քաղաքական ուժերը թող ուղղուին խորհրդարան եւ քուէարկեն անոր», ըսաւ ան:
Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ժահժահ շեշտեց, որ ինք Հարիրիի հետ քննարկած է գրեթէ բոլոր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բոլոր հաւանականութիւնները:
«Ես ոչ ոքի դէմ վեթօ կը դնեմ, սակայն նախագահական ընտրութենէն 9 օր առաջ զօր. Աունը կարելի՞ է համախոհական թեկնածու նկատել», հարց տուաւ Ժահժահ:
Ան հաստատեց, որ հակառակ այս բոլորին, եթէ զօր. Աուն հանրապետութեան նախագահ ընտրուի, ապա ինք պիտի ըլլայ առաջին անձը, որ ուղղուի զայն շնորհաւորելու:

