Բժիշկներու Սենտիքայի Ընտրութիւնը Պսակուեցաւ Մարտ 8-ի Թեկնածուներուն Յաղթանակով

Բժիշկներու սենտիքան նախանցեալ օր կատարեց իր մասնակի ընտրութիւնները, որոնք տարեկան հերթականութիւն ունին:

Բժիշկներու սենտիքայի ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրեցին Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն թեկնածուները, որոնք են` Ժոզեֆ Հատտատ (1036 քուէ), Ապտել Էմիր Ֆատլալլա (1008 քուէ), Մունես Քալաքեշ (996 քուէ) եւ Հասան Ֆաուր (992 քուէ):

Սենտիքայի ընտրութիւններուն շրջագիծին մէջ բժիշկներու կարգապահական խորհուրդի անդամ ընտրուեցան Զիատ Սլէյման (1091 քուէ) եւ Ալի Ֆաուազ (1018 քուէ):

Բժիշկներու սենտիքային իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան թեկնածուները պարտուած դուրս եկան այս տարուան սենտիքայական ընտրութիւններէն:

Նշենք, որ սենտիքայի վերոնշեալ անդամները, որոնք միջին հաշուով 163 քուէի տարբերութեամբ յաղթանակ արձանագրեցին, պիտի պաշտօնավարեն յաջորդ երեք տարիներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES