Պըրրի Ընդունեց Տէյվիտ Հէյլը

Հէյլ եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ներկայութեամբ` Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:
Հանդիպումէն ետք Հէյլ հաստատեց, որ անհրաժեշտ է հանրապետութեան նախագահ ընտրել սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին` աւելցնելով, որ իրենց նպատակն է լիբանանցիներուն օժանդակել, որպէսզի նախագահական ընտրութիւններուն լիբանանեան բնոյթը պահպանեն` խուսափելով ամէն տեսակի ճնշումներէ:
«Համոզուած եմ, որ լիբանանցիներուն մեծ մասը իրենց երկրին խաղաղութիւն եւ ապահովական կայունութիւն կը ցանկան, ինչպէս նաեւ իրենց միջազգային պարտաւորութիւններուն յանձնառու կը մնան», ընդգծեց Հէյլ:
Հէյլ յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը իր կարգին կը զօրակցի լիբանանցիներուն եւ անհրաժեշտ կը գտնէ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ ի գործ դրուելիք ջանքերը` յանգելու համար նախագահական ընտրութեան կայացումին, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական աթոռին թափուր մնալը կանխարգիլել:
Հէյլ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը տակաւին առիթը ունին իրականացնելու այդ նպատակը եւ սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին կատարելու նախագահական ընտրութիւնը:
Միւս կողմէ, Պըրրի չորեքշաբթի, 21 մայիս 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին խորհրդարանը հրաւիրեց նիստի մը` քննարկելու համար հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ նախագահական ընտրութեան մասին խորհրդարանին ուղղուած նամակը:
Պըրրի վերահաստատեց նաեւ, որ խորհրդարանը հինգշաբթի, 22 մայիս 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, հրաւիրուած է նախագահական ընտրութեան նիստի մը:
Նշենք, որ Պըրրի յայտնեց, որ եթէ ինք դրական նշոյլներ նշմարէ, ապա խորհրդարանը հինգշաբթի օրուընէ առաջ նիստի մը պիտի հրաւիրէ:

