Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Քաղաքական Եւ Նախագահական Իրադարձութիւնները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Սահմանադրական խորհուրդին դիմեց վերատեսութեան ենթարկելու վարձակալութեան յատուկ նոր օրէնքին սահմանադրական ըլլալու չափանիշը:
Նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց նախկին փոխվարչապետ Իսամ Ապու Ժամրան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ այս հանգրուանին ընթացող նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող իրադարձութիւնները:
Նախագահ Սլէյման երեսփոխան Նիտալ Թոհմէի հետ քննարկեց հինգշաբթի օր նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին վերաբերող հարցեր:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի:

