Վարչապետ Սալամ Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա

Վարչապետ Սալամ` Ժետտայի օդակայանին մէջ

Վարչապետ Սալամ` Ժետտայի օդակայանին մէջ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա:

Վարչապետ Սալամի պաշտօնական առաջին այցելութեան ընթացքին անոր ընկերակցեցաւ նախարարական, վարչականներու եւ լրագրողներու պատուիրակութիւն մը:

Ժետտայի մէջ վարչապետը դիմաւորուեցաւ սէուտցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ապտել Սաթթար Իսայի կողմէ:

Վարչապետ Սալամ օդանաւին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ իր այցելութեան հիմնական նպատակն է շնորհակալութիւն յայտնել Սէուտական Արաբիոյ` լիբանանեան բանակին անոր տրամադրած նիւթական օժանդակութեան համար:

Վարչապետը բարձր գնահատեց նաեւ Լիբանանի նկատմամբ Ռիատի ցուցաբերած բարոյական զօրակցութիւնը:

Նախագահական ընտրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` ան շեշտեց հանրապետութեան նախագահը ըսի ըսաւներէ հեռու ընտրելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է այդ ընտրութիւնը կատարել երկրին սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին, որովհետեւ նախագահական ընտրութիւնը քմահաճոյքի հարց չէ, այլ` ազգային պարտականութիւն:

Այս առումով, վարչապետ Սալամ հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւնները, թէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը իրմէ խնդրած է երկարաձգել նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութիւնը:

Վարչապետ Սալամ նշեց, որ սէուտցի պատասխանատուներուն հետ պիտի քննարկէ Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը` աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը այս հարցին իբրեւ լուծում կը մտածէ գաղթակայաններ հիմնել սուրիական հողերուն վրայ:

Կը նախատեսուէր, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երեկոյեան ընթրիք մը սարքէր ի պատիւ վարչապետ Սալամի:

Վարչապետը այսօր շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ սէուտցի պետական պաշտօնատարներու հետ:

Վարչապետը Ընդունեց Ռայի Պատրիարքը

Ռայի պատրիարքը եւ վարչապետ Սալամ

Ռայի պատրիարքը եւ վարչապետ Սալամ

Առաւօտեան վարչապետ Սալամ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին, Ռայի պատրիարքը իր խօսքը ուղղեց վարչապետ Սալամի եւ անոր յայտնեց, որ ինք համբերութիւն սորվեցուցած է լիբանանցիներուն եւ համբերութիւնը յաղթանակի բանալին է:

Ան հաստատեց, որ երեսփոխաններուն պարտականութիւնն է նախագահ ընտրել, եւ անոնք պէտք է կատարեն այդ պարտականութիւնը եւ պատիւը ունենան ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահը:

Ռայի պատրիարքը եւ վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեցին լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն ամէն ջանք ի գործ դնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին բարգաւաճումը ապահովել:

Վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահական աթոռին թափուր մնալուն հաւանականութիւնը նաեւ առկայ է, եթէ այդ կացութիւնը քաղաքականացնելու փափաք ըլլայ: «Մենք կը մաղթենք, որ այս հաւանականութիւնը սխալ դուրս գայ եւ հանրապետութեան նախագահը ընտրուի, որովհետեւ նախագահական աթոռին թափուր մնալը մարոնի համայնքին եւ միւս համայնքներուն համար չարիքի համազօր պիտի ըլլայ», ըսաւ ան:

Մամլոյ ասուլիսին աւարտին Ռայի պատրիարքը յայտնեց նաեւ, որ ինք վարչապետ Սալամը տեղեակ պահած է Ս. հողեր իր կատարելիք այցելութեան մասին` ընդգծելով, որ այդ այցելութիւնը ունի կրօնական, եկեղեցական եւ հոգեւոր բնոյթ: Ան աւելցուց նաեւ, որ իրենք պիտի զգուշանան, որ այդ այցելութիւնը չշահագործուի եւ հետեւանքներ չունենայ:

 

Share this Article
CATEGORIES