Ըստ Արամ Համբարեանի. Ալիեւի Ճամբուն Դիմաց Կանգնած Են Իսկական Հերոսները` Սահմանապահ Տղաները

Արամ Համբարեան
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի պատասխանատու Արամ Համբարեան Ազրպէյճանի աճող սպառնալիքներուն վերաբերեալ բաց նամակ մը յղեց: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ասպարէզ»:
«Աշխարհին մէջ մեր հիմնական թշնամիները հայերն են»: Ասոնք Թալէաթ փաշայի կամ ալ Ապտուլ Համիտի խօսքերը չեն: Ասոնք 1915 թուականի բառեր չեն: Այս բառերը արտասանած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
Համբարեան յայտնած է, որ Պաքուի քարիւղով հարուստ ինքնակալը բացէ ի բաց պահանջ կը դնէ Երեւանի առջեւ, ներում կը շնորհէ կացինով մարդասպանին եւ իր թուրք գործընկերներուն հետ կը փորձէ մեկուսացնել Հայաստանը եւ ոչնչացնել Արցախը:
Համբարեան նամակին մէջ նշած է, որ Ալիեւ զայրացած է ու ատելութեամբ լեցուած է աշխարհի բոլոր հայերուն դէմ: «Մենք նացիական Գերմանիոյ ժամանակներէն ի վեր չէինք տեսած ամբողջ ազգի մը դէմ համաշխարհային յառաջատար պախարակիչի մը` ի դէմս անոր», կը գրէ Համբարեան:
Ըստ Համբարեանի, Ալիեւ իր սպառնալիքները կը պաշտպանէ` լոպիինկի վրայ ծախսելով միլիոնաւոր տոլարներ: Համբարեան շեշտած է, որ ժամանակն է, որ մենք Ալիեւին «բռնենք» խօսքի վրայ: Ալիեւ կը փորձէ Անգարային հետ աւարտին հասցնել 1915 թուականի աշխատանքները եւ ան կը յայտարարէ իր շարժառիթները, զէնք կը գնէ:
Համբարեան շեշտած է, որ Ալիեւի ճամբուն դիմաց կանգնած են քաջ երիտասարդ տղաք, որոնք օր ու գիշեր կը պաշտպանեն Հայաստանի հետ սահմանները: Այս զինուորները` ինչպէս նաեւ իրենց հայրենիքէն դուրս ապրող հայերը, իսկական հերոսներ են:
Ապա Համբարեան մէջբերած է Չարենցի հետեւեալ տողերը` «Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»:
«Չարենցը ճիշդ էր եւ անոր խելացի բառերը մեր սրտերուն մէջ տակաւին կ՛արձագանգեն: Մեզմէ ոչ ոք կրնայ ամէն ինչ ընել, սակայն մեզմէ իւրաքանչիւրս կրնայ որոշ բան մը ընել: Այդ իսկ պատճառով իբրեւ լաւ սկիզբ կարելի է մաս կազմել Հայ դատի յանձնախումբի թելեթոնին: Մեր տեւական հաւատքի եւ շարունակական աջակցութեան շնորհիւ, մենք կրնանք պայքարիլ բոլոր ճակատներուն վրայ. ապահովել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում ու փոխհատուցում, դուրս գալ Ազրպէյճանի նախայարձակման դէմ, պաշտպանել եւ աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին ու անվտանգութեան», կը գրէ Համբարեան:

