«Թուրքիոյ Արխիւները Բաց Չեն» Կ՛ըսեն Աքչամ Եւ Աքթար
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ ցաւակցական հաղորդագրութեան» մէջ ըսած էր. «Մեր արխիւները բաց են բոլոր հետազօտողներուն համար: Այսօր մեր արխիւներուն մէջ գտնուող հարիւր հազարաւոր փաստաթուղթեր կրնան օգտագործուիլ բոլոր փաստաբաններուն կողմէ»:
Սակայն պատմաբան-փրոֆեսէօրներ Թաներ Աքչամ եւ Այհան Աքթար ընդգծած են, որ իրենք արխիւային փաստաթուղթերը չեն կրնար ուսումնասիրել:
«Ակօս» շաբաթաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Աքչամ ըսած է, թէ վարչապետին այդ յայտարարութիւնը իրականութեան չի համապատասխաներ: Գլխաւոր դատախազութեան զինուորական բնոյթի արխիւները թէեւ առերեւոյթ բաց են, սակայն անոնցմէ կարելի չէ օգտուիլ:
Ան կը նշէ, որ նախ վարչապետը, յետոյ ալ կառավարութիւնն ու հանրութիւնը պէտք է յստակ տեղեակ ըլլան, որ այդ արխիւը, որ բոլոր զինուորական միաւորումներու, Էնվեր փաշայի, Թալէաթ փաշայի ներքին հրամաններն ու գրագրութիւնը կը պարունակէ, շատ կարեւոր է 1915-ի դէպքերուն լուսաբանման համար:
«Առանց անոնց` բոլոր աշխատանքները կիսատ եւ միակողմանի պիտի ըլլան: Եւ այդպէս ալ կ՛ըլլայ: Վարչապետին յայտարարութեան մէջ եղած այդ շատ կարեւոր կէտը «բաց արխիւ» նկատել կարելի չէ, որովհետեւ այնտեղ եղած նիւթերը ուսումնասիրութիւններու համար բաց չեն եւ հասանելի չեն պատմաբաններուն», ըսած է ան:
Այհան Աքթար համամիտ է Աքչամի: Ան անիմաստ կը նկատէ այն յայտարարութիւնները, թէ այդ արխիւները ամբողջութեամբ բաց են:
«Արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւը ամբողջութեամբ փակ է: Ընդհանուր դատախազութեան արխիւը միայն թուղթի վրայ բաց է: Այստեղ փաստաթուղթերու բնօրինակները տեսնելը անկարելի է: Կանխակալ վերաբերմունք կայ, ցոյց կու տան այն, ինչ որ յարմար կը գտնեն: Նման արխիւ չի կրնար ըլլալ: Ես անգլիական պաշտօնական արխիւներուն մէջ համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն վարչապետ Ուինսթըն Չըրչիլի նամակներն ու գրութիւնները կարդացած եմ: Ոչ ոք ինծի ըսած է, որ չեն կրնար տալ: Թուրքիոյ մէջ թող ոչ ոք ըսէ, որ արխիւները բաց են կամ լաւ կ՛աշխատին: Աշխարհի մէջ ոչ մէկ արխիւի մէջ ամէն ինչ կրնաք գտնել: Ամէն տեղ ալ որոշակի վարագոյր կայ, սակայն կարեւոր է, թէ քանի՛ առ հարիւրն է այդ վարագոյրը: Այս արխիւները ամբողջութեամբ փակ են», ըսած է գիտնականը:
Ան նշած է, որ թէեւ իրենք գիտեն, որ այնտեղ փաստաթուղթեր կան, օրինակ, 1915-ի տեղահանութիւններու կամ Անատոլուի տարբեր քաղաքներուն մէջ հայկական դպրոցներու թիւին մասին, սակայն այդ փաստաթուղթերը չեն կրնար ուսումնասիրել:
Երկու պատմաբանները ընդհանուր դատախազութեան փակ արխիւը ամէնէն կարեւորը կը նկատեն:

