Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Իր Նոր Ծրագիրին
Հայաստանի կառավարութիւնը երէկ տեղի ունեցած արտակարգ նիստին ընթացքին հաւանութիւն տուաւ իր նոր ծրագիրին, որ սահմանուած կարգով պիտի ներկայացուի Ազգային ժողովին:
Նիստին քննարկուած միակ հարցի վերաբերեալ զեկուցում ներկայացուց փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեան: Ան յայտնեց, որ ծրագիրը մշակուած է` հիմք ընդունելով կառավարութեան 2013 թուականի ծրագիրի, Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան, Հայաստանի նախագահի, իշխող Հանրապետական կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրի հիմնական դրոյթները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական կուսակցութիւններու ծրագիրներուն մէջ ներկայացուած` նշուած փաստաթուղթերուն հետ համադրելի գաղափարները:
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի կառավարութիւնը 2014-2017 թուականներու գործունէութենէն կ՛ակնկալէ հետեւեալ հիմնական արդիւնքները. զարգացած երկիրներու համեմատ տնտեսական աճի յառաջանցին կշռոյթի ապահովում համախառն ներքին արդիւնքի միջնաժամկէտ 5 տոկոս աճի միջոցով, նուազագոյն աշխատավարձի աստիճանական բարձրացում մինչեւ 65,000 դրամի, ինչպէս նաեւ աղքատութեան կրճատում 10 տոկոսային կէտով:
Նշենք, որ նախորդ կառավարութիւնը կ՛ակնկալէր 5-7 տոկոսի տնտեսական աճ, աղքատութեան կրճատում 8-10 տոկոսով, 100 000-էն աւելի նոր աշխատատեղերու ստեղծում եւ այլն: Նոր կառավարութեան ծրագիրին մէջ, մինչդեռ, աշխատատեղերու յստակ թիւ չի նշուիր:
Արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ, այլ առաջնահերթութիւններու կողքին, կառավարութիւնը կարեւոր կը նկատէ Եւրասիական միութեան անդամակցութիւնը եւ վերջինիս բաղադրիչը հանդիսացող Մաքսային միութեան եւ Միասնական տնտեսական տարածքին, Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումն ու ընդլայնումը, ներառեալ` Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ, Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան խորքային բնոյթը արտայայտող իրաւական նոր շրջանակի ձեւաւորումը:
Փաստաթուղթի եզրափակիչ մասին մէջ անդրադարձ կայ անոր իրագործման արտաքին վտանգներուն: Ռուսիոյ տնտեսութեան աճի կշռոյթը, որ կախեալ է թէ՛ համաշխարհային տնտեսութեան բացասական զարգացումներուն, թէ՛ շրջանային հակադրութիւններու սրումէն, թէ՛ շրջանային համարկման ծրագրուած կշռոյթի փոփոխութենէն, կրնան էապէս դանդաղիլ: Ասոր իբրեւ հետեւանք` դէպի Հայաստան ներհոսող դրամագլուխի ներդրումները, գործօնային եկամուտները եւ փոխանցումները պիտի կրճատուին` յանգեցնելով նաեւ համախառն ներքին արդիւնքի ծրագիրին մէջ ներկայացուած աճի բեմագրութենէն աւելի ցած մակարդակի ձեւաւորման:
«Նշուած վտանգներու նիւթականացման եւ համախառն ներքին արդիւնքի նպատակադրուած ցած ցուցանիշներու ձեւաւորման պարագային պիտի կրճատուին Հայաստանի կառավարութեան աղբիւրները ծրագրային թիրախները ապահովելու գործին մէջ», նշուած է փաստաթուղթին մէջ:

