Լեռնային Ղարաբաղի Բանակցութիւններու Ընթացքը Խոչընդոտելու Համար Ազրպէյճանի Պատասխանատուութեան Մասին Յայտարարութիւն

Արմէն Ռուստամեան

Արմէն Ռուստամեան

Երէկ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը նիստ մը գումարեց Ազգային ժողովի հինգերորդ գումարման հինգերորդ նստաշրջանի օրակարգի նախագիծին մէջ «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը զինեալ պայքարի վերածելու, էութիւնը նենգափոխելու եւ խաղաղ բանակցային հոլովոյթը խոչընդոտելու Ազրպէյճանի պատասխանատուութեան մասին» յայտարարութիւնը ընդգրկելու վերաբերեալ:

Նախագիծի հեղինակն է ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:

Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Ազրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութիւնները, տագնապի ծագման հետեւանքներու պատճառներու խեղաթիւրումները եւ նենգափոխումները, ատելութիւն սերմանող հակահայկական կոչերը եւ գործողութիւնները, իրենց կողմէ կատարուող ոճիրներու ծանրութիւնը չընդունիլը կը շարունակեն տագնապի լուծման սկզբունքային եւ առանցքային խոչընդոտը հանդիսանալ, եւ այս քաղաքականութեան շարունակութեան հետեւանքներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ազրպէյճան:

Արմէն Ռուստամեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ միշտ նպատակայարմարութիւն կայ այսպիսի յայտարարութեան, եւ Ազրպէյճան ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի նենգափոխէ իրադարձութիւնները: Ըստ Ռուստամեանի, Ազրպէյճան նախայարձակի փոխարէն իբրեւ զոհ ներկայանալով` կը յաջողի քարոզչութեան մէջ, քանի որ կը յաջողի նենգափոխել իրադարձութիւնները:

Ռուստամեան ընդգծեց, որ այսօր մեր հիմնական խնդիրը իրավիճակը ճիշդ ներկայացնելն է, ինչպէս նաեւ ուղղորդող փաստաթուղթերու առկայութիւնը եւս շատ կարեւոր է: Ըստ Ռուստամեանի, փաստաթուղթը նաեւ հիմք կը ծառայէ միջազգային կազմակերպութիւններուն համար:

Զինադադարի 20-ամեակին վերաբերեալ տարբեր յայտարարութիւններ կան, սակայն, ըստ Ռուստամեանի, Հայաստան որեւէ համապատասխան գնահատական չէ տուած, իսկ արտաքին գործոց նախարարութեան կցկտուր յայտարարութիւնները բաւարար չեն:

Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արտակ Զաքարեան հարց տուաւ, որ արդեօք Ազրպէյճան այս յայտարարութիւնը պիտի օգտագործէ՞ բանակցային հոլովոյթը խոչընդոտելու համար:

Ռուստամեան ամէն պարագայի կը կարծէ, որ իշխանութիւնները պէտք է նախաձեռնող քաղաքականութիւն վարեն: «Կ՛ըսենք փոխզիջում: Ի՞նչ է Ազրպէյճանի փոխզիջումը: Միշտ Հայաստանին կը վերաբերի փոխզիջումը: Իսկ Ազրպէյճան, եթէ իմանայ, որ եթէ յարձակի պիտի յաջողի, պիտի մոռնայ բանակցային բոլոր հոլովոյթները», ընդգծեց Ռուստամեան:

Վերջինս նաեւ մտահոգ է, որ եթէ Ազգային ժողովը այս վերնագիրով նախագիծը  մերժէ, շատ աւելի վատ պիտի ըլլայ:

Սակայն, յանձնախումբի անդամ Ալեքսանտր Արզումանեան այնքան ալ համաձայն չգտնուեցաւ այս տեսքով յայտարարութեան` մեկնաբանելով, որ ասիկա բնականոն կ՛ըլլար, եթէ Դաշնակցութեան կամ քանի մը կուսակցութիւններու յայտարարութիւնը ըլլար: Բայց, ըստ Արզումանեանի, ըսել, որ Ազգային ժողովը այսպիսի մօտեցում ունի, ատիկա կրնայ ըլլալ միայն մէկ պարագայի, եթէ բոլորը պահանջեն, որ Լեռնային Ղարաբաղը մասնակցի բանակցային հոլովոյթին: Ան նշեց, որ շեշտադրումն ալ այնպէս է, որ 20 տարուան ընթացքին որեւէ փոխադարձ համաձայնութիւն չէ յարգուած կողմերէն մէկուն պատճառով:

Հիմնական զեկուցող Արմէն Ռուստամեանի ամփոփիչ ելոյթին ընթացքին բանավէճ ծաւալեցաւ Ալեքսանտր Արզումանեանի հետ: Արզումանեան Դաշնակցութիւնը կը մեղադրէր, թէ ինչո՛ւ, երբ համաձայնական կառավարութեան մէջ կը գտնուէր, չխոչընդոտեց Ռոպերթ Քոչարեանի ապաշնորհ արտաքին քաղաքականութիւնը, որուն պատճառով Լեռնային Ղարաբաղը դուրս մնաց բանակցային հոլովոյթներէն:

Յանձնախումբի քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք նախագիծը մերժուեցաւ: Կողմ քուէարկեցին միայն Արմէն Ռուստամեան, Նիկոլ Փաշինեան, Թեւան Պօղոսեան: Ալեքսանտր Արզումանեան չմասնակցեցաւ քուէարկութեան:

Նիստի աւարտին որոշում տրուեցաւ նախագիծը ետ վերցնել եւ զայն վերամշակելէ ետք դարձեալ Ազգային ժողովին ներկայացնել:

 

Share this Article
CATEGORIES