Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Բերձորի Ցոյցէն Անակնկալի Եկած Են

1905pertsorԿիրակի, 18 մայիսին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները: Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ռուսիոյ համանախագահը լրագրողներուն յայտնած է, որ շրջան կատարած իրենց այցելութեան մասին հրապարակում մը պիտի ունենան իրենց պաշտօնական էջով:

«Մեր այցելութեան հիմնական շեշտը դրուած է տարբեր շրջաններու ծանօթանալու, ինչպէս նաեւ մարդոց հետ տեսակցելու վրայ», նշած է ռուս համանախագահը: Ըստ Իկոր Փոփովի, համանախագահները կը պատրաստուին հանդիպելու Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներուն հետ` սահմանին վրայ գոյութիւն ունեցող իրավիճակը քննարկելու համար:

Համանախագահներուն հետ հանդիպումին ընթացքին Արցախի նախագահը շեշտած է, որ Արցախի անկախութիւնն ու ազատութիւնը բացառիկ արժէքներ են եւ վերադարձ անցեալին` թէ՛ կարգավիճակի եւ թէ՛ սահմաններու իմաստով, անկարելի է:

Շաբաթ, 17 մայիսին Բերձորի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցէն ամերիկացի համանախագահը անակնկալի եկած էր: «Մենք կը յարգենք բնակչութեան իրաւունքը, անոնք, որոնք խաղաղ ձեւով կը ներկայացնեն իրենց իրաւունքները: Ինծի համար անակնկալ էր այդ բողոքի ցոյցը», յայտնած է Ուորլիք:

Ըստ Ուորլիքի, արդէն երկու տասնամեակ եղած է, որ նախկին եւ ներկայ համանախագահները կ՛աշխատին տագնապին լուծում մը գտնելու համար եւ ամէնէն շատ տարբերակը անոր գնահատումով` տագնապին վերսկսիլն է:

«Մեր հիմնական նպատակը այն է, որ հարաւային Կովկասի մէջ գոյանայ երկարատեւ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն, եւ մարդոց համար ստեղծենք բարեկեցութեան պայմաններ: Այդ 6 կէտերը, որոնք ես ներկայացուցած եմ, ներկայացուած են նաեւ նախապէս: Վստահաբար, անոնք վերջնական տարբերակներ չեն, տակաւին պէտք է զանոնք քննարկել, սակայն կրնան հիմք հանդիսանալ հետագայ լուծման համար», յայտնած է Ուորլիք:

Յայտնենք, որ շաբաթ, 17 մայիսին Բերձորի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES