«Ղարաբաղին Յարակից Եօթը Շրջաններու Ազատագրումը Անառարկելի Պայման Է» Կ՛ըսէ Ռիչըրտ Մոռնինկսթար

1905Morningstar

Ռիչըրտ Մոռնինկսթար

Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար 7 մայիսէն ի վեր արդէն երրորդ բարձրաստիճան ամերիկացի դիւանագէտն է, որ կը յայտարարէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի շուտափոյթ լուծման անհրաժեշտութեան մասին: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի եւ Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնի յայտնի պնդումներուն յաջորդեց նաեւ Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական ներկայացուցչութեան ղեկավարին յայտարարութիւնը:

«Լեռնային Ղարաբաղին յարող 7 շրջաններու ազատագրումը անվերապահ պայման է եւ կը հանդիսանայ լուծման բաղադրիչներէն մէկը», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ազրպէյճանական ծառայութեան տրուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար:

Ամերիկացի դիւանագէտը, խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին մասին, նշեց, որ հետագայ բանակցութիւններուն ընթացքին պիտի յստականայ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը:

Ամերիկացի դիւանագէտին հարցազրոյցը ուշագրաւ է այլ տեսանկիւնէ մը եւս. Ռիչըրտ Մոռնինկսթար թերեւս առաջին արեւմտեան դիւանագէտն է, որ բացայայտօրէն կը յայտարարէ, որ ղարաբաղեան լուծման ուղղուած ջանքերու աշխուժացումը ուղղակիօրէն կապուած է Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն հետ:

«Այն բոլոր քայլերէն ետք, որ Ռուսիա ձեռնարկեց Խրիմի մէջ, ոեւէ մէկը կրնայ ըսել, թէ Մոսկուա կամ այլ երրորդ կողմ մը ինչպէ՛ս ստեղծուած իրադրութիւնը պիտի օգտագործէ», նշեց Մոռնինկսթար` չնշելով, սակայն, թէ ո՛ր պետութիւնը նկատի ունի «երրորդ կողմ» ըսելով:

Մոռնինկսթար նաեւ խստիւ քննադատեց ազրպէյճանական իշխանութիւնները` ընդդիմադիր գործիչներու, քաղաքացիական գործիչներու եւ լրագրողներու դէմ չդադրող հետապնդումներուն համար: Ըստ անոր, այսպիսի գործելաոճ կը վատթարացնէ Արեւմուտքի եւ Պաքուի յարաբերութիւնները: Ամերիկացի դեսպանը նաեւ նկատել տուաւ, որ այսպիսի քայլեր կը թուլացնեն Ազրպէյճանի դիրքերը ղարաբաղեան լուծման բանակցային սեղանին շուրջ:

«Եթէ յարաբերութիւնները վատթարանան, այդ պարագային ո՞վ  Ռուսիոյ առջեւ պիտի պաշտպանէ Ազրպէյճանի անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը: Ո՞վ չէզոքի դերը պիտի խաղայ, որպէսզի ղարաբաղեան տագնապը արդարացի լուծում գտնէ եւ իրադարձութիւնները անցանկալի հունով չզարգանան», նշեց Մոռնինկսթար, պնդելով, որ իր տպաւորութեամբ` աշխարհաքաղաքական կողմնորոշումներու գծով ազրպէյճանական կառավարութիւնը պառակտուած է:

Դեսպանը նշեց, որ ինք կ՛ենթադրէ, թէ կառավարութիւնը միատարր չէ եւ այնտեղ կան մարդիկ, որոնք կը ցանկան վնաս հասցնել Միացեալ Նահանգներ-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն, կը խոչընդոտեն արեւմտեան կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը: Ըստ Մոռնինկսթարի, նախագահ Ալիեւ այդ մարդոց շարքին չի գտնուիր:

Ազրպէյճան Մոռնինկսթարը Կը Մեղադրէ
Իր Ներքին Քաղաքականութեան
Միջամտելու Համար

Ալի Հասանով

Ալի Հասանով

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթարը մեղադրեց երկրին ներքին քաղաքականութեան միջամտելու համար:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլայեւ յայտնած է. «Ազրպէյճան անընդունելի կը նկատէ ներքին քաղաքականութեան միջամտելու փորձերը: Ազրպէյճան երբեք որեւէ երկրի ներքին գործերուն չէ միջամտած եւ նոյնը կ՛ակնկալէ այլ երկիրներէ»:

Ըստ անոր, պետութիւններուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները պէտք է հիմնուին իրարահաւասարութեան սկզբունքին վրայ: «Մենք բազմիցս յայտարարած ենք, որ այդպիսի քաղաքականացուած յայտարարութիւնները եւ ազրպէյճանական անկախ դատարաններու գործունէութեան միջամտելը հարուած կը հասցնեն Ազրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու երկկողմանի յարաբերութիւններուն», ըսած է ան:

Ապտուլայեւ Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը մեղադրեց նաեւ Վիեննայի ուխտը խախտելու յանցանքով: «Ըստ Վիեննայի ուխտին, դիւանագիտական աշխատողներու հիմնական խնդիրը պետութիւններուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելն ու ամրապնդելն է: Գերիշխան պետութեան ներքին գործերուն միջամտելու փորձերը բարեկամական յարաբերութիւններուն վնաս կը հասցնեն», ըսած է Ապտուլայեւ:

Նոյնպիսի յայտարարութիւն մը կատարած է Ազրպէյճանի նախագահութեան քաղաքական բաժանմունքի ղեկավար Ալի Հասանով: Ան ԱՓԱ-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նաեւ նշած է. «Ուքրանիոյ մէջ Մայտան շարժումը կարգ մը միջազգային ուժերու ծրագիրն է, եւ անոնք պատասխանատու են այդ երկրին մէջ պատահածին` քաղաքացիական պատերազմին, քաոսին, անիշխանութեան եւ պետութեան քայքայման: Եթէ այդ ուժերը կը փափաքին նոյն հոլովոյթը Ազրպէյճանի մէջ տեսնել, մեր պարտականութիւնն է զայն կանխարգիլել»:

Հասանով ըսաւ, որ Մոռնինկսթարի կողմէ յառաջ քշուած պնդումները կը յիշեցնեն զեկուցումները կարգ մը օտար ոչ կառավարական կազմակերպութեանց, որոնք ծանօթ են տարիներով հայկական սփիւռքի ազդեցութեան տակ ըլլալու պատճառով իրենց որդեգրած հակաազրպէյճանական կեցուածքով:

Մոռնինկսթար «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ազրպէյճանական ծառայութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած էր. «Եթէ (Ազրպէյճանի) կառավարութիւնը քաղաքացիական հասարակութեան նկատմամբ աւելի կարծր գիծ որդեգրէ, ապա Մայտանի իրադարձութիւնները կրնան կրկնուիլ նաեւ Պաքուի մէջ»:

 

Share this Article
CATEGORIES