Պարսելոնայի Համակիրները Կը Մեղադրեն Մեսսին Եւ Կ՛ուզեն Անոր Մեկնումը
Սպանական անուանի Sport.es պարբերաթերթը համացանցով հարցում ուղղած է Պարսելոնայի համակիրներուն, որպէսզի իմանայ անոնց կարծիքը` խումբին վերջին անյաջողութիւններուն մասին:
ArmSport.am կը յայտնէ, որ խումբին անյաջողութեան գլխաւոր պատճառը անոնց կարծիքով կը նկատուի Լիոնել Մեսսին:
Կարծիք արտայայտողներուն 37 առ հարիւրը, որ իր դժգոհութիւնը արտայայտած է Մեսսիի նկատմամբ եւ միեւնոյն ժամանակ այդ մեղադրանքին կողքին է, փափաք յայտնած է, որ ան հեռանայ խումբէն:
Քննադատութիւններ ուղղուած են նաեւ Խաւիէ Մասքերանոյի, Ժերար Փիքէի, Տանիել Ալվեսի, Ալեքս Սոնկի, Սեսք Ֆապրեկասի եւ Ալեքսիս Սանչեսի:
CATEGORIES Մարզական

