Փերուի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Մաուրօ Գեւգէօզեան Տուպլէ Մը Իրագործեց
Փերուի ֆութպոլի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Ալիանզա Լիմա 4-0 արդիւնքով յաղթեց Ինթի Կաս Տեփորթեսի:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու, յառաջապահ Մաուրօ Գեւգէօզեան իր կազմին արձանագրած այս յաղթանակին մէջ ունեցաւ իր կարեւոր դերը` նկատի ունենալով, որ ան տուպլէ մը իրագործեց (29-րդ եւ 51-րդ):
Գլուխով իր նշանակած երկրորդ կոլէն 7 վայրկեան ետք ան փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Այժմ Ալիանզա 27 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը, մինչ Ժոան Օրիշ` 2-րդ դիրքը (24 կէտ):
CATEGORIES Մարզական

