Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մնացէք հաւատարիմ ձեր սկզբունքներուն: Փոփոխամիտ ըլլալը կրնայ արգելակել ձեր աշխատանքը: Ընեմ-չընեմի երկմտութիւնը վանեցէք ձեր սիրտէն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր հաշիւները անգամ մը եւս ստուգեցէք, որպէսզի մոռացում մը պատճառ չըլլայ որոշուած գնումը յետաձգելու: Օրը ունի կեդրոնացումի պահանջ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Այցելութիւն մը տուէք երկար ատենէ ի վեր ձեր չտեսած մէկ բարեկամին: Ան շատ գոհ պիտի մնայ ձեր ներկայութեան համար: Միասնաբար կրնաք որոշում մը տալ գործի մը վերաբերեալ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կրցած էք ձեր ծրագիրներուն մեծ մասը իրականացնել: Աճապարելու կարիք չկայ, ձեր հետեւողական ջանքերով պիտի կարենաք ձեր բաղձանքը մարմնաւորել եւ հանգստանալ հոգուով-սրտով:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Օրը յարմար է ձեր որոշած ծրագրին համար յաւելեալ աշխատանք տանելու: Այս ծրագիրը ամբողջացնելու համար դիմեցէք փորձառու անձերու կարծիքին:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Տօնական օրերը անցած են, ամառնային եղանակը ձեզ կը հրաւիրէ բարեկամական հանդիպումներու, կրնաք իրագործել նաեւ ճամբորդութիւն մը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ կարգ մը արգելքներ պատճառ եղած են ձեր յառաջընթացին, օրը եկած է մոռնալու այդ ամէնը եւ դիմաւորելու անակնկալ առաջարկներ ձեր օգտին:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր լեզուն պահեցէք` լսուած լուր մը չփոխանցելու համար ոեւէ մէկուն, որովհետեւ երկրորդ լսողը կրնայ տարածել կասկածելի տեղեկութիւնը: Գաղտնապահ եղէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Անձ մը պատճառ եղած է ձեր որոշած ծրագիրը յետաձգելու: Այս իրողութիւնը չարիք մի՛ նկատէք, այլ` «չարիքին բարիքը», ինչպէս կ՛ըսէ առածը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Անարժանը արժանիէն զանազանելու համար կարիք չկայ երկար մտածելու: Ընկերային յարաբերութիւնը ինքնին ցուցանիշ մըն է ձեզ արթուն պահելու:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Արուեստը կը յղկէ միտքը, կ՛ազնուացնէ սիրտը: Մնացէք արուեստասէրի ձեր խառնուածքին հաւատարիմ, որպէսզի երջանկութիւնը միշտ ընկերանայ ձեզի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կեանքը կը նմանի ծովի. եթէ լողալ գիտես, կը յաջողիս: Այս կը նշանակէ ըլլալ ջանադիր, հետեւիլ բնութեան օրէնքին, հաւատարիմ ըլլալ ստանձնած պարտականութեան, ընկերային ըլլայ թէ ընտանեկան:

