50 Տարի Առաջ (21 Մայիս 1964)

Ուիլիըմ Սարոյեան Վանի Մէջ

Մեծանուն Գրագէտը Կ՛այցելէ
Աղթամարի Եկեղեցին

Պոլսոյ «Մարմարա» թերթի արտօնատէր Պետրոս Զօպեան, որ կ՛ընկերանայ Ուիլիըմ Սարոյեանին, իր դէպի Պիթլիս ճամբորդութեան ընթացքին Դադվանէն 16 մայիսին կը հեռաձայնէ իր թերթին.-

Հինգշաբթի առաւօտ Էրզրումէն  ճամբայ ելանք եւ ժամը 15:30-ին Վան հասանք: Սարոյեանի հետ պտտեցանք պատմական բերդը, որ ծովեզերքը կը գտնուի եւ ունի 1800 մեթր երկայնք 20-120 մ. լայնք ու 110 մ. բարձրութիւն:

Երէկ` ուրբաթ առաւօտ ժամը 10:00-ին վերստին այցելեցինք բերդը, յետոյ Վանէն ճամբայ ելանք դէպի Դադվան:

Ճամբան կանգ առինք Կեւուշ, որուն դիմաց կը գտնուի Աղթամար կղզին: Կեւաշի մէջ Սարոյեան եւ մենք հիւրասիրուեցանք գայմագամին եւ ընդհանուր դատախազին կողմէ ու ճաշեցինք անոնց հետ:

Գայմագամին հրամանով մասնաւոր շարժանաւ մը պատրաստուեցաւ, եւ կէսօրէ ետք գացինք Աղթամար: Ժամ մը պտտեցանք կղզիին մէջ, այցելեցինք եկեղեցին:

Ժամը 17:30-ին վերադարձանք ծովեզերք, ուր մեզի կը սպասէր Վանի կուսակալը:

Տեղեկացանք, որ երբ կուսակալը լսեր է, որ Ուիլիըմ Սարոյեան հոս կը գտնուի, անմիջապէս եկեր ու մեր ինքնաշարժը տեսնելով` սպասեր է գրագէտի վերադարձին: Կուսակալը սիրալիր ընդունելութիւն մը ցոյց տուաւ եւ տեղի ունեցան մտերմիկ խօսակցութիւններ:

Կեւաշէն ճամբայ ելանք ու գիշերը հասանք Դադվան: Ուիլիըմ Սարոյեան շատ գոհ է եւ յուզումով կը սպասէ այն պահուն, երբ Պիթլիս պիտի հասնի:

Միւս կողմէ, լսեցինք, թէ Պիթլիսի մէջ մեծ պատրաստութիւններ կը տեսնուին Սարոյեանը ընդունելու համար: Պիթլիսցիք երբ լսած են, թէ գրագէտը իրենց քաղաքը այցելելու նպատակով Թուրքիա եկած է, շատ գոհ մնացած են եւ ուրախութեամբ ու անհամբերութեամբ կը սպասեն անոր վայել պատիւներով դիմաւորելու եւ հիւրասիրելու համար:

 

Սուրիական Նամականի

Համբարձման Տօնը Եագուպիէի Մէջ

Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոսի կարգադրութեամբ, տարիներէ ի վեր Համբարձման տօնախմբութիւնը կը կատարուի Հալէպի մօտակայ Եագուպիէի հայաբնակ գիւղին մէջ` նախագահութեամբ սրբազանին եւ մասնակցութեամբ ուխտաւորներու:

Մայիս 7, հինգշաբթի, Համբարձման տօնին, առաջնորդ սրբազանը, ընկերակցութեամբ Եագուպիէի հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Թաթարեանի, որ Երուսաղէմէն վերադարձած էր իբրեւ ուխտաւոր, եւ Համազասպ քհնյ. Շաքարեանի, առաւօտուն մեկնեցան Եագուպիէ: Տեղւոյն թաղականութիւնը, հոգաբարձութիւնը, վարժարանի ուսուցչական կազմը եւ աշակերտներն ու նաեւ ուխտաւորները դիմաւորեցին առաջնորդ սրբազանը, հոգեւոր հովիւը եւ ընկերակիցները` ծաղկեփունջերով եւ յարգանքի արտայայտութիւններով:

Սրբազան հայրը եւ ժողովուրդը ձիթենեաց պարտէզներէն անցնելով` բարձրացան Ս. Աննա հրաշագործ եկեղեցին, ուր Ս. պատարագ մատուցեց հոգեւոր հովիւը, իսկ քարոզեց առաջնորդ սրբազանը եկեղեցւոյ բարձունքը, շրջապատուած ձիթենիներով` նմանցնելով Համբարձման լերան իբրեւ ներշնչարան հաւատացեալներուն: Քարոզը արաբերէնի թարգմանուեցաւ հասկնալի ըլլալու համար նաեւ տեղացի արաբախօս հայերուն:

Ս. պատարագէն ետք եկեղեցւոյ բակին մէջ հանդիսաւոր անդաստան տեղի ունեցաւ եւ ապա սրբազանը կենաց փայտով օրհնեց ուխտաւորները: Ներկաները նուագով եւ երգերով խանդավառութիւն ստեղծեցին:

Կէսօրին ազգային վարժարանի սրահին մէջ ժողովուրդին կողմէ ի պատիւ սրբազան հօր եւ հոգեւոր հովիւին, ճաշասեղան մը տրուեցաւ. ներկայ էին նաեւ գաւառապետը, ոստիկանապետը եւ պետական այլ անձեր: Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց պետական ներկայացուցիչներուն, որոնք սիրով ընդունած են հրաւէրը եւ անձամբ ներկայ եղած են: Ու մաղթանքներ ըրաւ Սուրիոյ բարգաւաճման համար: Գաւառապետը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց եւ ըսաւ, թէ պատիւ կը զգայ, որ հայոց առաջնորդին հետ սեղանակից եղած է եւ միշտ պատրաստ է գոհացում տալու սրբազան հօր բոլոր փափաքներուն: Գաւառապետը շեշտեց նաեւ, թէ Եագուպիէ գիւղը իրենց սրտին ալ կը խօսի, եւ պետութիւնը արդէն շինած է բոլոր ճամբաները, ու ձեռնարկած` նաեւ լուսաւորութեան գործին, որ քանի մը ամիսէն արդէն պիտի լուսաւորէ ամբողջ գիւղը: Երկու ժամուան մտերմիկ տեսակցութենէ ետք պետական ներկայացուցիչները հրաժեշտ առին սրբազան հօրմէն եւ ներկաներէն եւ լաւագոյն տպաւորութիւններով մեկնեցան:

Սրբազան հայրը եկեղեցական եւ կրթական հարցերու շուրջ կարգ մը թելադրութիւններ ըրաւ ժողովուրդին եւ երեկոյեան վերադարձաւ Հալէպ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Հալէպ, 8 մայիս 1964

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES