«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. «Ազդակ»-ի Ութ Էջով Հրատարակութիւնը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
«Ազդակ» իր հիմնադրութեան օրէն` 1927-էն սկսեալ եւ 43 տարի շարունակ լոյս տեսած էր 4 էջով: Թերթը զարգացած էր դժնդակ պայմաններու տակ, յաղթահարած էր բազում դժուարութիւններ եւ անոր անձնակազմը աշխատած էր ամէնէն դժուարին պայմաններու տակ: Ժողովրդանուէր իր առաքելութեան յանձնառու, եւ հայ մամուլին մէջ ոստում մը կատարելու առաջադրանքով, ծրագրուեցաւ թերթը 8 էջի վերածել: Ծրագիրը իրագործուեցաւ հանգրուան առ հանգրուան, ի գին մեծ զոհողութիւններու եւ դժուարութիւններու: Գնուեցան տողաշար մեքենայ եւ մամուլ, բացուեցաւ նոր խմբագրատուն, նոր աշխատակիցներ եւ խմբագիրներ խմբուեցան թերթին շուրջ, եւ 2 դեկտեմբեր 1970-էն սկսեալ «Ազդակ» սկսաւ լոյս տեսնել 8 էջով:
***
Թերթը 8 էջի վերածուելուն առիթով, 2 դեկտեմբեր 1970-ի թիւով եւ «Նախաձեռնող ոգին» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.
«Այսօրուընէ սկսեալ, «Ազդակ» հանրութեան կը ներկայանայ ութ էջով:
Ղեկավար ու մտաւորական դասուն, ինչպէս եւ ընթերցող լայն զանգուածին մօտ, նոր երազ մը չէր ութ էջը, երկար ատենէ ի վեր կը փայփայուէր ծաւալելու այս երազը, որ այսօր մարմին կ՛առնէ ահաւասիկ, մեծ բաց մը գոցելու արդար գոհունակութեամբ:
… Ի հարկէ, դիւրին չեղաւ այս գործին երկունքը եւ դիւրին չեղաւ իր ծնունդը: Նախաձեռնողները կը զգան, որ լուծի մը տակ կը մտնեն, ծանր լուծ մը անշուշտ, բայց նոյն ատեն քաղցր, ինչպէս կ՛ըլլան ժողովրդանուէր գործի մը յանձնառու եղած մարդոց ցաւագին ճիգերը:
Հայ կեանքին մէջ աննախընթաց է ութ էջով օրաթերթ լոյս ընծայելու իրողութիւնը: Այս հանգամանքը ուրախութեամբ կը լեցնէ մեր սրտերը, բայց նոյն ատեն կը ներշնչէ մաղթանք մը: Ի սրտէ կը փափաքինք, որ բացառութիւն չկազմենք հոս ու չմնանք առանձին, պիտի ուզէինք, որ օրինակելի դառնար նաեւ մեր այ՛ս ձեռնարկը եւ բոլոր հայ թերթերը իրենց էջերը կրկնապատկած ներկայանային ընթերցողին:
Այն ատեն պիտի կրկնապատկուի նաեւ մե՛ր ուրախութիւնը, ինչպէս կրկնապատկուեցաւ, երբ մեր ճեմարաններուն կողքին ուրիշ երկրորդական վարժարաններ բացուեցան եւ Հայ դատին հետապնդումը դարձաւ ընդհանրական ապրում:
Յեղափոխութիւնը, կռիւը, անկախութեան գաղափարին պաշտպանութիւնը, Հայ դատը, դպրոցը, մամուլը նպատակներ չեն եղած մեզի համար, չե՛ն, նպատակը ծառայութեան տենչն է եւ որքան ընդհանրանայ նախաձեռնութեան մեր ոգին, այնքան շատ ծառայած կ՛ըլլանք հայ ժողովուրդին, որուն քիչ է ամէն զոհողութիւն»:
***
Իր կարգին, «Ողջոյն «Ազդակ»-ին խորագիրով յօդուածով Կարօ Սասունի կը գրէր.
«Երկար տարիներու ճամբայ կտրելէ ետք, քառուղիէ քառուղի անցնելէ ետք, այսօր «Ազդակ» օրաթերթը թեւերը կը տարածէ ութ հորիզոններուն վրայ, աւելի լայն, աւելի ծաւալուն դեր մը ստանձնելով լիբանանեան այս բարձունքէն:
Եւ իրօք, ճակատագիրը հայութեան այնպէս պիտի դասաւորուէր, որ Պէյրութ բազմաթիւ հորիզոններու պիտի նայէր, հետեւելու համար հայ կեանքին, Ազդա՛կ մը դառնալու անոր մշակոյթին, գիտակցութեան եւ գրականութեան:
Այսօր, Պէյրութի հայ մտաւոր կեանքը մտած է այն փուլին մէջ եւ կը կատարէ այն դերը, ինչ որ Պոլիս եւ Թիֆլիս ստանձնած էին` Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումէն առաջ:
… Մեր մամուլը տակաւին կը պահէ այն կոչումը, ինչ որ ունէին Թիֆլիսի «Յառաջ»-ը, Պոլսոյ «Ազատամարտ»-ը, Ամերիկայի «Հայրենիք»-ը: Հրապարակագրութիւնը բեմ մըն էր, ուր նաեւ հայ գրականութիւնը, արուեստը եւ պատմութիւնը կը մատուցուէին հայ ընթերցողներուն: Հայ ժողովուրդի զարգացման փուլը այդ ճամբաներէն կ՛անցնի եւ այսօր աւելի մեծ անհրաժեշտութիւն մըն է մտաւոր ու հոգեկան կապը աշխարհացրիւ հայութեան համար: Նաեւ հրամայական, որ այդ կապը զօդուի Հայաստանի մտաւոր շարժման եւ համադրուի ամբողջական հայութեան ըմբռնումին:
… Մամուլի սնունդը շատ անգամ անզգալի է, առօրեայ վազք մըն է, բայց ընթերցողներն ու ընթերցում հայթայթողները վստահ կրնան ըլլալ, որ աւիշ մը կը ներարկուի մեր ժողովուրդի ապրելու տենչին, համոզում կը դառնայ, կամքը կը դարբնէ եւ կը յուսադրէ լաւատեսութեամբ նայիլ դէպի հեռու հորիզոնները, ուրկէ միշտ արեւ մը կը ծագի` ապրիլ ուզող ազգի մը համար:
Այս լաւատեսութեամբ շատ բան կրնան ընել ընթերցողները իրենց շրջանակը լայնցնելով: Մանաւանդ շատ բան կրնան ընել մեր մամուլի ներկայացուցիչները, եթէ գիտակցին, թէ ամէն օր, իրենց կենսատու ներարկումներով` անմահութեան աւիշն է, որ կը փոխանցեն հայ մարդու սրտին եւ մտքին»:
***
«Ազդակ»-ի 8 էջի վերածուելուն մէջ իր կարեւոր դերակատարութիւնը ստանձնած Մելգոն Էպլիղաթեան, «Նոր հանգրուանի մը սեմին» խորագիրով յօդուածով լաւագոյնս կը բնորոշէ եւ կը փոխանցէ այն մտահոգութիւնները, որոնք մղեցին օրուան խմբագրութիւնն ու պատասխանատուները, մտածելու եւ նախաձեռնելու թերթը 8 էջի վերածելու մասին, ինչպէս նաեւ այն դժուարութիւնները, որոնք դիմագրաւած եւ յաղթահարած էր «Ազդակ»-ի աշխատակազմը:
«Ազդակ»-ի շուրջ խմբուած բարեկամներուն, ընկերներուն, պաշտօնական կամ անպաշտօն «հոգաբարձուներուն» համար վերջին տարիներուն բացայայտ դարձած էր վերանորոգումի մը անհրաժեշտութիւնը:
Այդ ուղղութեամբ առնուած գործնական առաջին քայլը հանդիսացաւ թերթը հաւաքական ձեռնարկի մը վերածելու որոշումը:
Դժնդակ պայմաններու տակ զարգացաւ այս թերթը, ամբողջ քառասուն տարի դժնդակ պայմաններու տակ աշխատեցաւ անոր անձնակազմը: Ո՛չ տողաշար մեքենայ ունէր, ո՛չ արագատիպ մամուլ, ո՛չ իսկ կարգին խմբագրատուն… Խճողուած գետնայարկի մը մէջ, ձմեռը սառեցնող պաղին, ամառն ալ հեղձուցիչ տաքին, եկող-գացողներու տեւական հրմշտուքին եւ հինցած մամուլին խելացնոր աղմուկին մէջ, քանի մը սերունդ խմբագիր, աշխատակից, գրաշար եւ վարչական պաշտօնեայ` միտք, սիրտ, աչքի լոյս եւ առողջութիւն սպառեցին` զայն կանգուն պահելու համար:
Ամբողջ քառասուն տարի:
Բայց ժամանակ մը կու գայ, երբ անձնազոհութիւնը չի կրնար այլեւս նիւթական անձկութիւնը յաղթահարել: Իսկ որեւէ ձեռնարկի համար կայուն վիճակը մօտալուտ անկման յայտարար նշանն է:
«Ազդակ»-ի բարեկամները եւ անոր զօրավիգ կազմակերպութիւնը պիտի չուզէին, չէին ուզեր, որ անիկա նմանէր Սփիւռքի շատ մը ժամանակավրէպ հրատարակութիւններուն, որոնք կը գնուին միմիա՛յն ազգային կամ կուսակցական պարտականութիւն մը կատարելու համար: Կամ ալ, երբեմն երբեմն կը կարդացուին ստանալու համար այն տեղեկութիւնները, որ ուրիշ տեղ կարելի չէ գտնել – ծնունդ, նշանախօսութիւն, ամուսնութիւն, նուիրատուութիւն, հանդէս եւ ժողով, մահազդ, եկեղեցական արարողութիւն եւ հոգեհանգիստ… թերթեր, որ չեն կրնար այլեւս հայ մարդը կապել ժամանակակից աշխարհին: Օտար մամուլն է, որ կը պահէ գրեթէ բնախօսական դարձած այդ կապը:
Քանի մը հազար ընթերցողներէ եւ մէկ-երկու էջ աժան ծանուցումներէ գոյացած սահմանափակ գումարներ երբեք չէին թոյլատրեր միանուագ կատարելու արդիական թերթի մը համար անհրաժեշտութիւն եղող ներդրումը: Հարկ եղաւ ծրագիրը դանդաղօրէն եւ հանգրուան առ հանգրուան գործադրել: Նախ տողաշար մը, յետոյ խմբագրատուն մը, յետոյ մամուլ մը, յետոյ երկրորդ տողաշար մը, նոր աշխատակիցներ, երիտասարդ խմբագիրներ, լուսանկարիչ, եւ այլն:
Այս բոլորը տակաւին դժուար, բայց անկարելի երազներ չէին: Մեծ խնայողութեամբ, զոհողութեամբ եւ մա՛նաւանդ համբերութեամբ, հինգ տարուան ընթացքին իրագործուեցան այս բոլորը: Իսկական դժուարը, գրեթէ անկարելին պայքա՛րն էր շատերը վարակած մտայնութեան մը դէմ, մտայնութիւն մը, ըստ որուն հայ թերթը երբե՛ք պիտի չկարենար մրցիլ օտար թերթին հետ: Ուրե՞մն: Ուրեմն ինչո՞ւ յոգնիլ, ինչո՞ւ փորձել, ինչո՞ւ ծրագրել, ինչո՞ւ հսկայական գումարներ անշարժացնել, քանի որ
– Այսքանն ալ շատ է մեզի համար…
Հաւատքի պակա՞ս, թէ սառն իրատեսութիւն: Այսօր, մեր առաջին թիւով, յաւակնութիւնը չունինք վերջնական հաստատում մը կատարելու: Ոչ ալ վերջնական յաղթանակ մը շեփորելու: Որովհետեւ չորսը ութ էջի վերածելը պարզ բազմապատկութիւն չէ, այլ նաեւ եւ մա՛նաւանդ վերանորոգումի եւ արդիականացման պայմանները լրացնելու միջոց: Հանգրուան մը եւ ոչ թէ կայան:
Անձնապէս պիտի մաղթէի, որ Պէյրութի հայ մամուլը հետեւէր «Ազդակ»-ի օրինակին, որովհետեւ… նոյնինքն «Ազդակ»-ին համար աղէտ պիտի ըլլար ծաւալի եւ արհեստագիտական մարզի մէջ մրցակից չունենալը»:
***
Թերթին 8 էջի վերածուելուն առիթով, «Թերթ կարդացողները» խորագիրով յօդուածով «Ազդակ» կը գրէր.
«Ամէն ընթերցող իր ուրոյն խառնուածքը ունի, յատուկ նախասիրութիւնը եւ… ունակութիւնը:
Ոմանք կը բաւարարուին խորագիրները կարդալով:
Ուրիշներ` քաղաքական լուրերով կը գոհանան:
Ոմանց մեծագոյն հաճոյքը` նուիրատուութիւններու անկիւնն է:
Կան, որ բոլորովին կ՛անտեսեն յայտարարութիւնները:
Սրամտութիւններու բաժինը ոմանց համար միակ հետաքրքրականն է:
Քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք ուղղագրական սխալ կը փնտռեն թերթին մէջ եւ երբեք առանց որսի չեն մնար:
Յօդուածէն առաջ ոմանք յօդուածագիրը կը ճշդեն:
Որոշ խորագիրներէն ջղայնացողներ կան: Օրինակ` կրթական հարցեր:
«Այն թիւին մէջ ուր պայքար չկայ, այդ թիւը համ չունի», ըսողները նկատի չենք առներ անշուշտ: Վիճելու այնքան պատճառներ կան, առանց չարամտութեան:
Այս շարունակելին ե՞րբ պիտի չշարունակուի, զուր մեղադրողներ կան:
Ատոր հակառակ մտածողներու թիւը եւս քիչ չէ:
Թերթօնը, եթէ դիւրութիւն կու տայ օրաթերթի խմբագրին, սակայն կան լաւատեսներ ալ, որ օրը օրին կը կարդան զայն:
Թերթօնի սիրահարներէն դուրս են այն ընթերցողները, որոնք թերթին ընթերցումը կը սկսին առաջին տողէն մինչեւ վերջին տողը:
Կան, որ թերթի բաժանորդ են, սակայն հազիւ ամիսը քանի մը անգամ «աչք կը նետեն» անոր վրայ:
Այսպիսիներու հակառակորդները շատ. սակայն շատ աւելի են քանակով անոնք, որ ո՛չ բաժանորդ են, ոչ ալ «երբեմն» թերթ գնող: Բայց մոլի ընթերցող են:
Կը սիրեն գնահատել իրենց «դրացի»-ին բարութիւնը եւ ճիշդ ատոր համար ալ վերադարձնելու պայմանաւ թերթը կը վերցնեն անոնցմէ:
– Դրացի, թերթը դեռ չէ՞ եկած:
– Ո՛չ:
– Հա, թերթը եկա՛ծ է: Տակաւին առաջին էջին վրայ ես:
– Տուր մէկ վայրկեանէն չորրորդ էջին հասնիմ: Հիմա կու տամ…
Այս կարգի արձանագրութեան, աւելի լայն տեղ տուինք… հաշուականօրէն:
Կողմնակից ենք թերթերու տպաքանակը աւելի բարձր տեսնելու:
Թերեւս այդ «յաւելում»ով հնարաւոր ըլլայ օր մը հայ թերթ մը չորսէն աւելի էջերով տեսնելու:
Հետեւողականօրէն հորոսքոփ հրատարակող հայ օրաթերթ չկայ: Մինչդեռ ատոր հաւատացողներուն թիւը շատ ալ արհամարհելի չէ:
Ընթերցողներ կան, որոնք չորրորդ էջէն առաջին էջ կը դիմեն: Ուրիշներ կան, որոնք կը սկսին երկրորդ կամ երրորդ էջէն:
Այս մարզին մէջ, բացառաբար, առաջինէն վերջին էջը գացողները ջախջախիչ մեծամասնութիւն կը կազմեն:
Թէեւ այս ուրախալի երեւոյթը ազգային մասնաւոր շահ մը չի ներկայացներ… առայժմ:
Հեռաձայնի մօտ նստած ընթերցողներ ալ կան:
Ասոնք խմբագրին «բարեւ» ընելու համար կը կարծեն, թէ պայման է այդ թիւին մէջ նախ սխալ մը գտնել եւ ապա հեռաձայնել:
Աւելի օգտակար են միւս ընթերցողները, որոնք օգտակար ճշդում մը կը կատարեն:
Չմոռնանք յօդուածագիրները:
Յօդուածը գրելէ ետք, ասոնք եւս բնականօրէն կը դառնան… ընթերցող: Անոնք երկու խումբի կը բաժնուին: Առաջինները կը կարդան միայն… իրենց գրածը: Այլեւայլ պատճառներով: Երկրորդ խումբն ունի իր ստորաբաժանումները: Չէ կարելի տեղ տալ ա՛յն բաժանումին, որ կը կարդայ ամէն յօդուած, բացի… իր յօդուածէն:
Ուրիշ պատմութիւն է ձեռնարկներու նկարագրութիւնը եւ այդ նկարագրութեանց… ընթերցումը: Մէկ բան ապահով է: Տուեալ ձեռնարկին հեռուէն կամ մօտէն բաժին բերողը անպայման կը կարդայ գրութիւնը եւ զուր կը սպասէ իր անուան յիշատակման` շատ յաճախ:
«Անանձնական» հետաքրքրութիւն ունեցողներ ալ անշուշտ կան:
Թերթ կարդացողները ինչ խառնուածք, ինչ նախասիրութիւն եւ ինչ ունակութիւն ալ ունենան, ընթերցողներ են վերջին հաշուով եւ… պէտք չկայ արժէքաւորումի:
Ցաւալին` թերթ չկարդացողներու պարագան է:
Պիտի ուզէինք խնդրել ընթերցողներէն,- ի՛նչ որ եւ ի՛նչ ձեւով որ կը փափաքիք, կարդացէ՛ք:
Միա՛յն կարդացէք»:

