Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Ոսկէ Ծիրան-2014». 1500-է Աւելի Դիմում`
Շուրջ 100 Երկիրներէ
Յուլիս 13-20 Երեւանի մէջ 11-րդ անգամն ըլլալով պիտի կայանայ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնը: Այդ նպատակով հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ներկայ էր նաեւ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը, որ իր խօսքին մէջ նշած է, թէ փառատօնը յատկապէս կարեւոր է այն առումով, որ կը քաջալերէ երիտասարդները: ««Ոսկէ ծիրան»-ը միայն շարժապատկերի փառատօն չէ, այն մեր առօրեան է, քաղաքը, որն այդ օրերին կերպարանափոխւում է: Սա այն եզակի դէպքերից է, երբ փառատօնը հաւատարիմ է մնում իր սկզբունքներին», ըսած է նախարարը: Յասմիկ Պօղոսեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է փառատօնի գործընկեր «Վիվասէլ-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան` յանձին Ռալֆ Եիրիկեանի, եւ լրագրողներուն` փառատօնին հանդէպ նման հետաքրքրութեան, զայն գնահատելու եւ արժեւորելու համար:
«Ոսկէ ծիրան»-ի տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնած է այն երկու սիւներուն, որոնք փառատօնը բարձրացուցին` կառավարութեան եւ «Վիվասէլ-Էմ.Թի.Էս.»-ին: Ան նշած է, որ տարուէ տարի կ՛աւելնայ փառատօնին նկատմամբ հետաքրքրութիւնը: «Ամէն տարի թւում է, թէ վերջն է, այլեւս յայտեր չեն լինի, սակայն տարէցտարի նոր յայտեր են աւելանում», ըսած է Խաչատրեան:
«Ոսկէ ծիրան» փառատօնի ծրագիրներու տնօրէն Միքայէլ Ստամբոլցեանը նշած է, որ արդէն 1500-է աւելի դիմումներ ստացած են` շուրջ 100 երկիրներէ:
«Ամենաշատ յայտերը` թուով 140, ստացել ենք Գերմանիայից, այնուհետ` Ռուսաստանից 120 յայտ, ապա Ֆրանսա, Իտալիա, Իրան: Հայաստանից 59 յայտ է ստացուել», դիտել տուած է ան:
Նշենք, որ «Ոսկէ ծիրան» 11-րդ շարժապատկերի փառատօնը նուիրուած է Սերգէյ Փարաջանովի ծննդեան 90-ամեակին: Այդ նպատակով փառատօնին բացումը եւ փակումը որոշուած է կայացնել Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ:
Շարլ Ազնաւուր Արժանացաւ Ռուբէն Մամուլեանի
Անուան «Հայակ» Յատուկ Մրցանակին
Ֆրանսահայ նշանաւոր երգիչ Շարլ Ազնաւուր «Հայակ» մրցանակաբաշխութեան ընթացքին ստացաւ Ռուբէն Մամուլեանի անուան յատուկ մրցանակ` համաշխարհային շարժապատկերի աշխարհին մէջ ունեցած մեծ ներդրումին համար: Մրցանակը Ազնաւուրին յանձնեցին շարժապատկերի մարզին մէջ առաջին քայլերը կատարող երիտասարդներ: «Շնորհակալ եմ, որ «Հայակն» իր ներկայութեամբ պատուել է մեր սիրելի Շարլ Ազնաւուրը: Մենք այս տարուայ երեկոն անցկացնելուց առաջ որոշեցինք սահմանել յատուկ մրցանակ` համաշխարհային շարժապատկերում ունեցած ներդրման համար: Դատակազմը այն որոշեց կոչել Ռուբէն Մամուլեանի անունով եւ առաջին մրցանակը յանձնել Շարլ Ազնաւուրին», նշեց «Հայակ»-ի նախագահ Գէորգ Գէորգեանը:
Ներկաները յոտնկայս ծափահարեցին նշանաւոր երգիչին, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին:
Նշենք, որ 12 մայիսին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներուն ներկայութեան Շարլ Ազնաւուր տուաւ բացառիկ ելոյթ մը:
Վերջին Հրաժեշտ` «Ծիծաղի Թագուհի»-ին
84 տարեկանին մահացած է Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, Յ. Պարոնեանի անուան երաժշտա-կատակերգական թատրոնի դերասանուհի Սվետլանա Գրիգորեանը: Հայաստանի Թատերական գործիչներու միութեան նախագահ Յակոբ Ղազանչեան իր ցաւակցութիւնը յայտնած է դերասանուհիին մահուան առիթով: «Կեանքից հեռացաւ կեանք ու ժպիտ պարգեւողը, Ծիծաղի թագուհին, որը 60 տարուց աւելի մարդկանց խինդ նուիրեց, ստեղծեց այնպիսի բեմատիպարներ, որոնք միշտ կը մնան մեր բեմարուեստի պատմութեան մէջ: Սվետլանա Գրիգորեանի կեանքը թատրոնին անմնացորդ նուիրման վառ օրինակ էր, նրա համար թատրոնն ընտանիք էր, սէր էր, կեանք էր», նշած է Ղազանչեան:
Սվետլանա Գրիգորեան ծնած է 1930-ին. տակաւին թատերական ուսումնարանի սան էր` 13 տարեկան, երբ իր կեանքը կապած է բեմին եւ անդաւաճան մնաց մինչ իր մահը, տասնեակ տարիներ: Յիսունհինգ տարի խաղացած է հայ բեմի նշանաւոր տիպար Կարպ Խաչվանքեանի հետ: Խաղացած է հարիւրէ աւելի դերեր: Ան հեռուստաթատրոնի հիմնադիրներէն է (1956 թ.):
Երաժշտա-կատակերգական թատրոնին հրաւիրուելով` 1949-ին Ս. Գրիգորեան անմիջապէս ցուցադրած է իր ամբողջ տաղանդն ու հմայքը եւ դարձած` հանդիսատեսին հոգիին տիրակալը: Իր անձնաւորած կերպարներէն շատերն ու գլխաւորները դերասանուհին կերտած է մեծանուն Վարդան Աճեմեանի անմիջական աջակցութեամբ, անոր ղեկավարութեամբ ու խորհուրդներով:
Ան հիմը դրած է կատակերգութեան նոր տեսակի, ան ստեղծած է իր վառվռուն, կենսախինդ, հանդիսատեսին սիրտը ալեկոծող, անոր հոգեկան զմայլելի պահեր պարգեւող արուեստի գրիգորեանական տեսակը:
Վաթսուն տարիներու բեմական աշխուժ գործունէութիւն ծաւալած է` քանդակային կերպարներ ստեղծելու իր կարողութիւններով ու հմտութիւններով: Հիւրախաղերով հանդէս եկած է աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, արժանացած է միջազգային մրցանակներու:
Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի է: Արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու եւ շքանշաններու` «Մովսէս Խորենացի», Սուրբ Էջմիածինի կողմէ` «Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ»: 2009-ին Լոս Անճելըսի մէջ հանդիսաւորութեամբ անոր տրուած է «Ծիծաղի թագուհի» տիտղոսը: 2011-ին պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւնների համար» առաջին աստիճանի մետալով:
Յակոբ Պարոնեանի անուան թատրոնին մէջ 15 մայիսին վերջին հրաժեշտ տուած են «Ծիծաղի թագուհի»-ին` Սվետլանա Գրիգորեանին: Իրեն հարազատ այդ թատրոնին մէջ ան մարմնաւորած է աւելի քան 150 դերեր: Սիրուած դերասանուհիին դագաղը ծափողջոյններու տարափին տակ թատրոնի շէնքէն տարուեցաւ Երեւանի քաղաքային պանթէոն:
Քաղաքապետն Ու Սփիւռքի Նախարարը Քննած Են
«Արի Տուն»-ի Առնչուած Հարցեր
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանն ու Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմին հետ հանդիպումի ընթացքին քննարկած են «Արի տուն» ծրագիրին առնչուած հարցեր:
«Երեւանի քաղաքապետարանը 6-րդ տարին է, որ իր աշխուժ մասնակցութիւնն է ունենում «Արի տուն» ծրագրին: Եւ քանի որ ծրագիրը տարէցտարի ընդլայնւում եւ մասնակիցների թիւն աճում է, մենք պատրաստ ենք ձեռնարկելու համապատասխան քայլեր` Երեւանում աւելի մեծ թուով սփիւռքահայ երեխաներ հիւրընկալելու համար: Քաղաքապետարանի լիազօրութիւնների շրջանակում մշտապէս պատրաստակամ ենք աջակցելու նախարարութեան ծրագրերին եւ խորացնելու առկայ համագործակցութիւնը», դիտել տուած է Տարօն Մարգարեան եւ պատասխանատուներուն յանձնարարած է նախապատրաստական աշխատանքներ տանիլ քաղաքապետարանին առնչուող բաժինը պատշաճ կերպով կազմակերպելու եւ կատարելու նպատակով:
Շնորհակալութիւն յայտնելով քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին` ծրագիրի ծիրին մէջ ցուցաբերուող աջակցութեան համար, Հրանուշ Յակոբեան կարեւոր նկատած է նաեւ վարչական շրջաններուն եւ պատասխանատու միւս ստորաբաժանումներուն դերը երեխաները հիւրընկալելու իմաստով:
«Անցած 5 տարիների ընթացքում մենք աւելի քան հինգ հազար սփիւռքահայ երեխայ ենք ընդունել, ինչի արդիւնքում շուրջ յիսուն հազար հայեր բարեկամացել են միմեանց հետ: Այս տարի նախատեսւում է, որ հայրենիք կ՛այցելի շուրջ 1000 երեխայ: Շատերը, գալով Երեւան, պարզապէս սիրահարւում են մայրաքաղաքին եւ իրենց ապագան տեսնում այստեղ: Ամէն օր հանդիպելով սփիւռքից ժամանած մեր տասնեակ հայրենակիցների` մշտապէս լսում եմ նրանց արձագանգը այն դրական փոփոխութիւնների վերաբերեալ, որոնք կատարւում են մայրաքաղաքում, ինչի համար շնորհակալութիւն եմ յայտնում ձեզ, պարոն քաղաքապետ», յայտնած է Հրանուշ Յակոբեան:
Ծրագիրի իրականացման նպատակով պիտի կազմուի աշխատանքային խումբ: Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանն ու սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը քննարկած են նաեւ «Իմ Հայաստան» խորագիրով մշակութային փառատօնին, ինչպէս նաեւ սեպտեմբերին Երեւանի մէջ կայանալիք «Հայաստան-սփիւռք» 5-րդ համաժողովի կայացման առնչուող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան Մասնակցած Է
Բուժքոյրերու Միջազգային Օրուան Նուիրուած
Համագումարի Բացման
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 12 մայիսին Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ մասնակցած է Բուժքոյրերու միջազգային օրուան նուիրուած համագումարի բացման:
Իր արտասանած խօսքին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը կարեւոր նկատած է նման ներկայացուցչական նախաձեռնութեան կայացումը Արցախի մէջ, «ինչն արդէն դառնում է բարի աւանդոյթ եւ անկասկած իր դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ մեր հանրապետութեան առողջապահութեան ոլորտի զարգացման վրայ», յայտնած է ան: Բակօ Սահակեան նշած է, որ առողջապահութիւնը տնտեսութեան ռազմավարական եւ առանցքային ճիւղերէն մէկն է, եւ ատկէ մեկնելով` այդ բնագաւառին մէջ կը գործադրուին լայնածաւալ ծրագիրներ` բնակչութեան որակեալ բժշկական սպասարկման ապահովման եւ անոր մակարդակի շարունակական բարձրացման իմաստով: Նախագահը յատուկ կերպով ընդգծած է` «այս գործընթացում բուժանձնակազմի եւ, մասնաւորապէս, բուժքոյրերի դերը, ովքեր մասնագիտական ունակութիւնների հետ մէկտեղ պէտք է ունենան նաեւ մարդկային բարձր որակներ եւ կապող օղակ հանդիսանան բժիշկների ու բուժուող հիւանդների միջեւ»:
Համագումարին կը մասնակցէին նաեւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, պաշտօնատար այլ անձեր:
ՀԲԸՄ-ի Նիւթական Աջակցութեամբ`
«Թումօ»-ի Կեդրոն Ստեփանակերտի Մէջ

Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան 7 մայիսին ընդունած է Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան ներկայացուցիչները` Ստեփանակերտի մէջ «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն հիմնելու առնչուած հարցերը քննարկելու նպատակով:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքին համաձայն, վարչապետ Արա Յարութիւնեան կարեւոր նկատած է այդ նախաձեռնութիւնը Արցախի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի զարգացման իմաստով, նաեւ ողջունած է նախագիծը ֆինանսաւորելու ՀԲԸՄ-ի պատրաստակամութիւնը: Ան աւելցուցած է, որ կառավարութիւնը պատրաստ է առաւելագոյն աջակցութիւնը ցուցաբերելու այս ծրագիրին` կարելի եղածին չափ կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին զայն կեանքի կոչելու համար:
Հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է անմիջապէս ձեռնարկելու կեդրոնի ժամանակաւոր շէնքի յարմարեցման եւ վերանորոգման աշխատանքներուն, որպէսզի յառաջիկայ ամիսներուն կարելի ըլլայ աշակերտներուն դիմաց բանալ անոր դռները: Քննարկուած են նաեւ կազմակերպչական շարք մը հարցեր` շէնքի ընտրութեան եւ աշխատանքներու կառավարման առնչուած:
Մայրերու Եւ Երեխաներու Համար Լաւագոյն
Երկիրներու Ցանկին Մէջ Հայաստան 95-րդ Է
«Սէյվ տը չիլտրըն» միջազգային հասարակական կազմակերպութիւնը ամէն տարի կը պատրաստէ մայրերու եւ երեխաներու համար աշխարհի լաւագոյն երկիրներու վարկանշային ցուցակը` 178 պետութիւններու հիման վրայ:
Ցանկին մէջ Հայաստան կը գրաւէ 95-րդ դիրքը, իսկ լաւագոյն երկիրը նկատուած է Ֆինլանտան:
Պետութիւնները գնահատուած են 5 հիմնական չափանիշներով` մօր առողջական վիճակ, վաղաժամ մահացութիւն երեխաներու պարագային, կրթութեան մակարդակ, երկրին մէջ եկամուտներու մակարդակ եւ կիներու քաղաքական դիրք: Թէեւ Ֆինլանտան այս չափանիշներէն ոչ մէկուն պարագային բարձր դիրքի վրայ է, սակայն անիկա ընդհանուր գիծերու մէջ լաւ տուեալներ ունեցող 15 երկիրներուն մէջ է: Արդարեւ, ամէնէն գլխաւոր գործօններէն մէկը, որ նկատի առնուած է ցանկը պատրաստողներուն կողմէ, եղած է մանուկներուն մահացութեան թիւը: Ֆինլանտան այս իմաստով ամէնէն քիչ մահեր արձանագրող երկիրն է. հոն 345 երեխաներէն միայն մէկը չ՛ապրիր մինչեւ 5 տարեկան, գրեթէ նոյնն է պարագան նաեւ Նորվեկիոյ մէջ:
Մայրութեան համար լաւ պայմաններ կան նաեւ` Շուէտի, Իսլանտայի, Հոլանտայի եւ Դանիոյ մէջ:
Թուրքիան ցանկին մէջ 59-րդ դիրքը կը բաժնեկցի Թունուզի հետ, Ռուսիան 62-րդն է, Վրաստանը` 98-րդը, Ազրպէյճանը` 99-րդը:
Ցանկին վերջին հորիզոնականները գրաւած են ափրիկեան հանրապետութիւնները, վերջինը` Սոմալին է, ուր մահացութիւնը չափազանց բարձր է. կեանքի ծանր պայմաններու պատճառով իւրաքանչիւր 7-րդ երեխան չ՛ապրիր մինչեւ 5 տարեկան:
Արժանթինահայ Բարերարին Աջակցութեամբ
Բաւրան Ունեցաւ Նոր Համայնքային Կեդրոն
Արժանթինահայ բարերար Նշան Տեւեճեանի հովանաւորութեամբ եւ տրամադրած 80 միլիոն դրամ ֆինանսական աջակցութեան շնորհիւ` Շիրակի մարզի Բաւրա գիւղին մէջ բացուեցաւ նորակառոյց համայնքային կեդրոնը, ուր պիտի գործեն գիւղապետարանը, բժշկական բաժանմունք մը, գրադարանը, համակարգչային կեդրոնը եւ հանդիսութիւններու սրահը:
Կեդրոնի բացման արարողութեան ներկայ էր տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանը: Այս նպատակով Հայաստան եկած էր արժանթինահայ բարերարներու խումբ մը` ծրագիրի հովանաւոր Նշան Տեւեճեանի գլխաւորութեամբ: Բարերարը կեդրոնի բացման արարողութեան ընթացքին ուրախութեամբ նշած է, որ այսօր կարելիութիւն կայ ներկայ գտնուելու այդ վայրին մէջ եւ գիւղի բնակիչներուն հետ կիսելու անոնց ուրախութիւնը: «Ուրախ ենք, որ կրցանք մեր փոքրիկ աւանդը ունենալ գիւղի զարգացման համար: Գիւղի ընտրութիւնը կատարուած է պատահականօրէն, սրտի թելադրանքով, եւ այսօր ուրախալի է տեսնել ծրագիրի յաջողութիւնը», նշած է բարերարը:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը դիտել տուած է, որ տարեսկիզբին Տեւեճեաններու ընտանիքին ֆինանսաւորումով հիմնովին կահաւորուած եւ համակարգչային սարքերով օժտուած էր Բաւրայի դպրոցը: «Նման ծրագրերը մեզ համար նոր չեն, քանի որ արդէն իսկ կառուցուել են բազմաթիւ համայնքային կենտրոններ Հայաստանում եւ Արցախում: Համոզուած եմ նաեւ, որ արժանթինահայ բարերարները կը համաձայնուեն շարունակել նմանատիպ ծրագրերը», նշած է Վարդանեան:
Շիրակի մարզպետ Ֆելիքս Ցոլակեանը մատնանշած է, որ «Հայաստան» հիմնադրամը միշտ ուշադրութիւն կը դարձնէ Շիրակի մարզի երկրաշարժէն տուժած համայնքներուն: «Հիմնադրամին աջակցութեամբ արդէն իսկ կառուցուել է 6 դպրոց, եւ այսօր էլ Աշոցքում կառուցւում է նոր դպրոց: Վերանորոգուել են բազմաթիւ բուժկենտրոններ: Իսկ Բաւրա գիւղի համայնքային կենտրոնի բացումը խորհրդանշական է, քանի որ 1956 թուականից յետոյ այստեղ նոր շինութիւն չէր կառուցուել», յայտնած է Ցոլակեան:
Բացման արարողութեան ընթացքին բարերար Նշան Տեւեճեանին շնորհուած է գիւղի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում եւ նուիրուած է 300 քառակուսի մեթր հողատարածք:


