Լիբանանահայ Հանրածանօթ Գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի «Մերկեր» Խորագրեալ Ցուցահանդէս, Գիրքի Մակագրում Եւ Պարգեւատրում

DSC09395Վաղը` հինգշաբթի, 22 մայիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ԱԼՊԱ-ի սրահին մէջ բացումը պիտի կատարուի լիբանանահայ հանրածանօթ գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի «Մերկեր» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին, որուն ընթացքին նաեւ պիտի կատարուի շնորհահանդէսն ու մակագրութիւնը գեղանկարիչին մերկերու ստեղծագործական պաստառներուն նուիրուած նոր հրատարակուած գիրքին: Միեւնոյն հանդիսութեան ընթացքին Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի ձեռամբ Յարութիւն Թորոսեան պիտի պարգեւատրուի մշակոյթի նախարարութեան մետալով:

Այս առիթով «Ազդակ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին խօսելով այս ցուցահանդէսին մասին` Յարութիւն Թորոսեան յայտնեց, որ «Աքատեմի Լիպանեզ»-ի տնօրէն Անտրէ Պեքազիի խնդրանք-առաջարկը` ուղղուած մշակոյթի նախարարութեան, Յարութիւն Թորոսեանը պարգեւատրելու, եղաւ մեկնակէտը թէ՛ ցուցահանդէսին եւ թէ՛ հրատարակութեան գիրքին, որուն մէջ ամփոփուած մերկերը 1953-էն 2000  գծուած պաստառներ են: Ցուցահանդէսին ընթացքին արուեստասէր հանրութեան պիտի ներկայացուին 50 գործեր` իւղանկարներ, փորագրութիւններ, գծագրութիւն, ջրաներկ եւ փասթել: «Բոլորն ալ կը ներկայացնեն աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ էակը, որ կինն է», հաստատեց արուեստագէտը:

Մերկութիւնը գծելու արուեստին վրայ դնելով շեշտը` Յարութիւն Թորոսեան ըսաւ, որ մերկ կինը իբրեւ ամէնէն նուրբը, ամէնէն գեղեցիկն ու բանաստեղծականը պէտք է նկարել ուսման առաջին հինգ տարիներուն: «Այն գեղանկարիչը, որ կը յաջողի յաղթահարել կնոջ մարմնի իւրայատկութիւններուն, ձեւաւորումներուն եւ նրբութիւններուն բոլոր դժուարութիւնները, ատակ կը դառնայ գեղանկարիչ կոչուելու: Միշտ ալ այս եղած է արուեստի սիւնը, սակայն ներկայ դարուս կարգ մը գեղանկարիչներ կռնակ դարձուցած են կնոջ, բայց կասկածելի է, որ անոնք աւելի գեղեցիկ բան մը գտած ըլլան, դժուար է ատիկա, այսպիսով անոնք հեռացած են հիմնական նիւթէն, որ արուեստի սկիզբն է ու հիմքը», ըսաւ ան:

Գիրքին մէջ գծուած մերկ կերպարները, ըստ Յարութիւն Թորոսեանի, կը ներկայացնեն բնորդուհիներ, որոնց հետ օրական 4 ժամ, որոշ դադարներով, աշխատած է ան: Մէկ նկարի համար 100 ժամ տրամադրուած է. հիմա հաւանաբար ժողովուրդը զարմանայ, որ նման ժամանակ տրամադրուած ըլլայ, սակայն գործը լաւագոյնս ներկայացնելու, զայն կենդանի եւ շնչող դարձնելու համար այդ ժամանակը անպայման անհրաժեշտ է: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ գծած պահուն միշտ ալ բնորդուհի ունեցա՞ծ է դիմացը, Յարութիւն Թորոսեան դիտել տուաւ, որ ժամանակն ու փորձառութիւնը, արուեստի մէջ յառաջդիմութիւնը մեծ դեր ունին այս իմաստով: Ան բացատրեց, որ երբ երկար տարիներ բնորդուհիներու ներկայութեան գծելու մէջ բաւական երկար ճամբայ կտրած կ’ըլլայ արուեստագէտը, նոյնիսկ առանց բնորդուհիի արդէն իսկ ձեռքը, միտքն ու հոգին կը սկսի ամբողջական կերպով գծել կինն ու անոր մարմինի բոլոր բարեմասնութիւնները, կոր գիծերը եւ այլն:

Երբ բնորդուհիին դիմացն ենք, կը սկսինք գծել ընդհանուր գիծերը, որովհետեւ եթէ դէմքը նկարես սկիզբը, աչքդ անպայման հոն կ’երթայ: Մեր նպատակը այդ չէ, մենք կը միտինք կնոջ կողմէ մեզի փոխանցուող բանաստեղծական զգացումը մարմնաւորել ու պաստառին յանձնել, ապա` պաստառին դիմաց կանգնողին: Ինչպէս բանաստեղծները երգած են կնոջ ներշնչած զգացումները, նոյնն է պարագան գեղանկարչութեան: Իւրաքանչիւր կեցուածք, ձեւ, որ կինը կը ստանայ, ունի իր գեղեցկութիւնը, նկարչականօրէն իր մատչելի եւ անմիջապէս աչքի զարնող կողմը:

Յարութիւն Թորոսեան յայտնեց, որ ընդհանրապէս չի նախընտրեր պաստառներուն խորագիրներ տալ, որպէսզի դիտողը չկողմնորոշէ, այլ ձգէ, որ ան որոշէ խորագիրը, ան ճշդէ իւրաքանչիւրին միտք բանին:

Լիբանանահայութիւնը հրաւիրուած է ըմբոշխնելու իր տեսակին մէջ իւրայատուկ այս ցուցահանդէսը, ծանօթանալու վաստակաշատ արուեստագէտին ստեղծագործութիւններուն եւ արուեստի ուրոյն մարմնաւորումներուն:

Share this Article
CATEGORIES