Անդրադարձ. Համանախագահներուն Յիշողութիւնը Վերաթարմացնող Ցոյց Մը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Շաբաթ, 17 մայիսին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Բերձոր շրջան այցելութեան ընթացքին Արցախի Քաշաթաղ շրջանի բնակիչներն ու արցախցի երիտասարդներ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ բողոքի ցոյց մը կատարեցին: Անոնք համանախագահները դիմաւորեցին բարձրացնելով «Ոչ մէկ թիզ հող», «Յարգեցէ՛ք մեր իրաւունքները»,«Ոչ մէկ օտար զինուոր Արցախի մէջ» եւ «Մեր ընտրանքը 1991-ին կատարեցինք» գրութիւններով պաստառներ:

Մէկ օր ետք, համանախագահները հանդիպում ունեցան Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ, որ իր կարգին շեշտեց, թէ Արցախի անկախութիւնն ու ազատութիւնը բացառիկ արժէքներ են եւ վերադարձ անցեալին` թէ՛ կարգավիճակի եւ թէ՛ սահմաններու իմաստով, անկարելի է: Հանդիպումէն ետք Ուորլիք յայտարարեց, որ ինք անակնկալի եկած է Բերձորի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցէն, ինչ որ զարմանալի է: Իբրեւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման աշխատանք տանելու պարտականութիւնը ունեցող համանախագահ մը, ան բնականաբար ծանօթ է կամ պէտք էր ըլլար այդ տագնապի թղթածրարին: Ամերիկացի համանախագահին յիշողութենէն կը թուի վրիպած ըլլալ այն իրողութիւնը, որ  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ քուէարկողներուն 99 առ հարիւրը 10 դեկտեմբեր 1991-ին անկախութեան շուրջ հանրաքուէին ընթացքին «այո» քուէարկած էր, իսկ ատկէ 15 տարի ետք` 10 դեկտեմբեր 2006-ին տեղի ունեցած հանրաքուէի մը ընթացքին երկրին սահմանադրութիւնը որդեգրելով, անոնք վերահաստատած էին անկախութեան հանրաքուէին արդիւնքը:

Բերձորի մէջ ցուցարարները եկան մոռացկոտ համանախագահներուն յիշողութիւնը վերաթարմացնելու եւ ընդգծելու, որ նախագահ Բակօ Սահակեանին շեշտած կէտերը անհատական կամ իշխանութեան կարծիքը չէ, այլ ժողովուրդի հաստատ կամքին արձագանգը: Ուորլիք առիթը ունեցաւ ցուցարարներուն հետ զրուցելու եւ իր յայտարարութեան մէջ գնահատեց ցոյցին խաղաղ բնոյթը: Թերեւս այդ ալ իրեն համար անակնկալ մըն էր: Այո՛, Արցախի ժողովուրդը քաղաքակիրթ է, սակայն իր իրաւունքները բուռն եւ ազդու կերպով կը պաշտպանէ, եւ 1988-էն մինչեւ օրս երկարող արցախեան իրադարձութեանց ծանօթ ոեւէ անձ այդ առնչութեամբ որեւէ կասկած չի կրնար ունենալ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES