Բրիտանացի Մը Պիտի Պարգեւատրուի Ողջակիզումէն 669 Հրեայ Մանուկներ Փրկելուն Համար

Նիքըլըս Ուինթըն
Բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթին կայքը կը հաղորդէ, որ Չեխիոյ Հանրապետութիւնը իր բարձրագոյն պատիւը պիտի շնորհէ բրիտանացի արժեթուղթի նախկին միջնորդի մը, որ Ողջակիզումէն 669 մանուկներ փրկած է:
Սըր Նիքըլըս Ուինթըն, որ երկուշաբթի օր 105 տարեկան դարձաւ, հրեայ մանուկները ապահով կերպով Բրիտանիա փոխադրած էր, սակայն իր մարդասիրական քաջագործութիւնը 50 տարի գաղտնի պահած է, որովհետեւ զայն ոչ նկատառելի արարք մը նկատած է:
Առ ի գնահատանք իր ձեռքբերումին, ան ներկայիս պիտի պարգեւատրուի Սպիտակ առիւծի շքանշանով, որ Չեխիոյ Հանրապետութեան բարձրագոյն պարգեւատրումն է:
Չեխիոյ նախագահ Միլոս Զեման սըր Նիքըլըսի ուղղուած իր նամակին մէջ գրած է, որ ան մանուկներուն «կարելի մեծագոյն պարգեւը տրամադրած է` ապրելու եւ ազատ ըլլալու առիթը»: «Սակայն դուք ձեզ հերոս չէք նկատեր, որովհետեւ իրենք զիրենք պաշտպանելու անկարողներուն, ամէնէն խոցելիներուն օգնելու փափաքէն մղուած էիք: Ձեր կեանքը մարդասիրութեան, անանձնութեան, անձնական արիութեան եւ խոնարհութեան օրինակ մըն է», աւելցուցած է նախագահը:
Բրիտանացին 1939-ի սկիզբը ընդհատած է Զուիցերիոյ մէջ իր արձակուրդը եւ ուղղուած Փրակա` հրեայ մանուկները նացիներէն փրկելու համար: Ան օգտուելով բրիտանական օրէնսդրութենէն, որ կ՛արտօնէր 17 տարեկանէն վար մանուկներուն մուտք գործել երկիր, երբ անոնք կեցութեան վայր մը ունէին եւ 50 սթերլինկ գրաւ դրուած է անոնց վերադարձի տոմսին համար: Ան պատերազմին նախորդող ինը ամիսներուն ընթացքին Բրիտանիա փոխադրած է մանուկները, որոնցմէ շատերը հետագային կորսնցուցին իրենց ծնողները:
Բրիտանացի մարդասէրը Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք գաղտնի պահած է իր գործերը, սակայն 1988-ին անոր կինը ձեղնայարկին մէջ յայտնաբերած է յուշագրութեան տետր մը, որուն մէջ մանրամասն կերպով նշուած էին փրկուած կարգ մը մանուկներուն անուններն ու հասցէները:
Սըր Նիքըլըս պիտի մեկնի Չեխիոյ մայրաքաղաք, ուր 28 հոկտեմբերին յատուկ արարողութեան մը ընթացքին պիտի պարգեւատրուի:

