Պիշքեքի Մէջ Մաքսային Միութեան Դէմ Ցոյցի Մասնակիցներ Ձերբակալուած Են

2005MMLenta.ru կը հաղորդէ, որ Խըրխըզիստանի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է Մաքսային միութեան անդամակցութեան դէմ բողոքող հինգ ցուցարարներ:

Ոստիկանութեան տուեալներով` տղամարդիկ փորձած են փակել Պիշքեքի Սպիտակ տան մուտքը եւ չեն արձագանգած երեսփոխաններու ինքնաշարժերուն երթեւեկը չխոչընդոտելու խնդրանքին: Բողոքի ցոյցի մասնակիցներէն մէկ քանին, ներառեալ` կազմակերպիչ Ալմազ Թաճիպայեւ ձերբակալուած են:

Ձերբակալուածները արդէն կանգնած են դատարանի առջեւ: Անոնք կը մեղադրուին վարչական իրաւախախտումներ իրականացնելու համար:

20 մայիսին, Խըրխըզիստանի խորհրդարանին մէջ քննարկուած են Մաքսային միութեան անդամակցելու դրական եւ բացասական կողմերը, որոնց իբրեւ արդիւնք բանաձեւ որդեգրուած է: Ըստ որդեգրուած փաստաթուղթին, միութիւն մուտք գործելու որոշումը պէտք է տրուի հաշուի առնելով գործարարներու տեսակէտները: Անոնց համար, որոնց գործերը կրնան տուժել Մաքսային միութեան անդամակցութենէն, կ՛առաջարկուի փոխհատուցում տրամադրել:

13 մայիսին, Խըրխըզիստանի մէջ հրապարակուած էր Մաքսային միութեան միանալու ճամբու քարտէսը, որ այժմ պէտք է քննարկուի երկրին խորհրդարանին կողմէ:

 

Share this Article
CATEGORIES