Յառաջիկայ 2 Ամիսներուն Իրան- «Վեցեակ» Բանակցութեանց Նոր «Ռաունտեր»

Էշթըն եւ Զարիֆ
Իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի եւ «Վեցեակ»-ի միջեւ յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին փորձագէտներու մակարդակով բանակցային քանի մը «ռաունտ» տեղի պիտի ունենայ:
Այդ հանդիպումները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ երկու ամսուան ընթացքին: Ըստ աղբիւրին, բանակցային մթնոլորտը շատ լուրջ է, եւ երկու կողմերն ալ պատրաստ են հասնելու վերջնական համաձայնագիրի:
Նոյեմբեր 2013-ին «Վեցեակ»-ի (Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Չինաստան) ներկայացուցիչները եւ Իրան համաձայնութիւն գոյացուցած էին ժամանակաւորապէս սահմանափակելու Իրանի հիւլէական ծրագիրը` Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ կիրարկուող պատժամիջոցներու մասնակի ջնջման պայմանով:
Կը նախատեսուէր նաեւ 6 ամիսներու ընթացքին, այսինքն` 20 յունիսին հասնիլ վերջնական համաձայնութեան , որ պիտի երաշխաւորէ Իրանի հիւլէական ծրագիրին մէջ զինուորական գործօնի չգոյութիւնը` պատժամիջոցներու լիակատար ջնջման պայմանով:

