Էրտողան Կը Հերքէ Սոմայի Ածխահանքին Մէջ Սուրիացի 120 Աշխատաւորներու Մահուան Լուրը
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ հերքեց այն լուրը, թէ Սոմայի ածխահանքին փլուզման պատճառով սուրիացի 120 աշխատաւորներ եւ 15 տարեկանէն փոքր երեխաներ մահացած են:
Էրտողան բուռն կերպով քննադատեց լրագրողները, որոնք կը քննադատեն իր կառավարութեան բացթողումը կամ կը պնդեն, որ հանքին տէրը իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ է:
CATEGORIES Միջազգային

