Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը կայացնելու դժուարութիւն կայ, որովհետեւ իրենք կտրականապէս կը մերժեն այն տարազը, թէ կա՛մ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար զօր. Միշել Աունը պէտք է ընտրուի եւ կա՛մ նախագահական աթոռը թափուր մնայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յարմար նկատեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն իրենց քրիստոնեայ դաշնակիցները համոզէ իր համախոհական թեկնածու ըլլալուն մասին, եւ իրենք ոչ մէկ հարց կ՛ունենան ի նպաստ անոր քուէարկելու:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներ ոչ մէկ արգելք ունին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին կամ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն կամ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին հանրապետութեան նախագահ ընտրելու առումով:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին այնպիսի նախագահի մը, որ կը շարունակէ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի աշխատանքը` Սուրիոյ դէպքերէն չէզոք մնալու եւ «Պաապտայի յայտարարութենէն» անշեղ մնալու իմաստով:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին նախարար Ժան Օպէյտ Գահիրէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահական ընտրութեան թեկնածու Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ կտրականապէս մերժած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Նահար» օրաթերթին համաձայն, գոյութիւն ունի համաձայնութիւն մը, որուն հիման վրայ Լիբանանը պիտի վաճառուի քարիւղի միջազգային առեւտրականներու` զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ դարձնելու փոխարէն:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր շեշտեց, որ Փարիզի մէջ նախանցեալ օր պատահածը ցոյց կու տայ, թէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը պիտի չընտրեն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ ինք նախկին վարչապետ Սաատ հարիրիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ համախոհութիւն գոյացնելու նշոյլը իսկ չի տեսներ:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, որ Սաատ Հարիրիի եւ զօր. Միշել Աունի միջեւ դրական բարձր տրամադրութիւն կայ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ նախագահական աթոռը թափուր պիտի մնայ մինչեւ սեպտեմբեր ամիսը:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Ալի պըն Համատ Մերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

