Թըպպանէի Մէջ Բանակը Դարձեալ Կ՛ենթարկուի Յարձակումի
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը երէկ առաւօտեան արշալոյսին Թըպպանէի մէջ ենթարկուած է յարձակումի մը, որուն ընթացքին բանակի շրջուն ջոկատի մը վրայ կրակ բացուած է, ինչպէս նաեւ այդ ջոկատը նռնականետերու թիրախ դարձած է:
Յարձակումին պատճառով վիրաւորուած են 8 բանակայիններ` սպայ մը եւ 7 զինուորներ:
Հաղորդագրութեան համաձայն, բանակը հակադարձած է կրակոցներուն, ինչպէս նաեւ ձեռնարկած ներխուժումներու ընդարձակ գործունէութեան` ձերբակալելու համար յանցագործները:
Միւս կողմէ, բանակի սակրաւորներու մէկ ջոկատը երէկ առաւօտեան ժամը 10:15-ին, Ռմէյլէ շրջանին մօտակայքը վնասազերծեց պայթումի պատրաստուած ձեռնառումբ մը, որ կը գտնուէր դիւրաւ բռնկող նիւթ մը պարունակող ամանի մը մէջ:
Զինուորական ատեանը այդ դէպքին մասին անմիջապէս հետաքննութիւն բացաւ:

