Ֆրենժիէ. «Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերն Ու Հարիրի Զօր. Աունի Ի Նպաստ Պիտի Չքուէարկեն»
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ինք երկու տարիէ ի վեր կը զգուշացնէ նախագահական աթոռին թափուր մնալուն հաւանականութենէն` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը կազմուեցաւ` ծածկելու համար արձանագրուելիք նախագահական «բաց»-ը:
Ֆրենժիէ կոչ ուղղեց հրապարակելու Պքերքէի հանդիպումներուն ատենագրութիւնները` նշելով, որ այդ հանդիպումներուն ընթացքին ինք պահանջած է նախագահի մը ընտրութեան պարագային յարգել զայն, ինչպէս նաեւ յարգել նախագահական ընտրութեան նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու երեսփոխաններուն իրաւունքը:
Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան վաղուան նիստին` Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերն ու նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ի նպաստ զօր. Աունի պիտի չքուէարկեն, իսկ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը յանձնառու պիտի մնան զօր. Աունը նախագահ դարձնելու պայքարին` նկատի ունենալով, որ ան քաղաքական սկզբունքներէն ոչինչ պիտի զիջի:
Ֆրենժիէ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները բարելաւելու, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն արժանապատուութեան տէր կանգնելու:
Ան շեշտեց, որ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը խորամանկութիւն մըն է` աւելցնելով, որ զօր. Աուն բարձր պահած է քրիստոնեայ համայնքը:
Ան շեշտեց, որ ինք նախագահական աթոռին թափուր մնալուն առումով մտահոգութիւն չունի, որովհետեւ անիկա հանգրուան մըն է եւ պիտի անցնի: «Պաշտօնեայ նախագահին եւ նախագահական աթոռի թափուր մնալուն միջեւ եթէ ընտրելիք ըլլամ, ապա կ՛ընտրեմ երկրորդը», հաստատեց Ֆրենժիէ:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Ս. Հողեր կատարելիք այցելութեան մասին Ֆրենժիէ ըսաւ, որ ինք կը մերժէ այդ այցելութիւնը եւ հարց տուաւ Ռայի պատրիարքին, թէ ի՞նչ են այդ այցելութեան բարիքներն ու դրական ազդեցութիւնները:

