Մուսթաքպալ Պլոք. «Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերը Կառչած Կը Մնան Ժահժահի Թեկնածութեան»
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կառչած կը մնան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի թեկնածութեան:
Մուսթաքպալ պլոքը կոչ ուղղեց Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն յայտարարելու իրենց թեկնածուն, որպէսզի առիթ տրուի ժողովրդավարութիւնը լաւապէս գործադրելու:
Մուսթաքպալ պլոքը կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն` ամէն ջանք ի գործ դնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութիւնը երկրին սահմանադրութեան շրջագիծին մէջ իրագործելու:
CATEGORIES Լիբանանեան

