Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կը Հաստատէ Խորհրդարանի Այսօրուան Նիստին Իր Մասնակցութիւնը

Սելիմ Ժրայսաթի

Սելիմ Ժրայսաթի

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ  երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Նիստէն ետք տրուած որոշումները փոխանցեց նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, որ նշեց, թէ համախմբումը կը հաստատէ խորհրդարանի այսօրուան նիստին իր մասնակցութիւնը` քննարկելու համար խորհրդարանին ուղղուած հանրապետութեան նախագահին նամակը:

Ժրայսաթի նշեց, որ համախմբումը կը նկատէ, թէ նախագահ Սլէյմանի նամակը ուշացած հասած է:

Ան ըսաւ, որ համախմբումը քննարկեց նաեւ նախագահական ընտրութեան նիստերը պոյքոթի ենթարկելու մասին կատարուած այն մեկնաբանութիւնները, թէ անիկա խորհրդարանին աշխատանքը արգելակող քայլ մըն է: «Մենք վստահ ենք, որ լիբանանեան հանրային կարծիքը կը գիտակցի, թէ այդ քայլը սահմանադրական հոլովոյթի արգելակում չէ, այլ` երկրին սահմանադրութեան եւ Ազգային ուխտին նկատմամբ ամուր կառչածութիւն», ըսաւ ան:

Ժրայսաթի ներկայացուց նաեւ Պքերքէի մէջ մարոնի ղեկավարներուն ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները, որոնց լոյսին տակ ընդգծուած է, թէ հանրապետութեան նորընտիր նախագահը պէտք է ըլլայ հզօր անձնաւորութիւն մը, որ կարենայ լուրջ կերպով վարուիլ եւ ստանձնել իր պարտականութիւնները, ինչպէս նաեւ վերահաստատել քրիստոնեայ համայնքին դերակատարութիւնը:

Ժրայսաթի յայտնեց, որ համախմբումը խստիւ կը մերժէ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը խոչընդոտելու մեթոտը` աւելցնելով, որ օրին իրենք կեցուածք ճշդած են Սահմանադրական խորհուրդին աշխատանքը արգելակելու քայլին դէմ:

Ժրայսաթի նաեւ նշեց, որ նախագահական ընտրութեան վաղուան նիստին համախմբումին մասնակցութիւնը կախեալ է մետասաներորդ պահուն արձանագրուելիք հաղորդակցութիւններէն եւ խորհրդակցութիւններէն:

Ժրայսաթի իր յայտարարութիւնները եզրափակեց համախմբումին անունով կոչ ուղղելով մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին անշեղ մնալու Պքերքէի հանդիպումներէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES