Ապատի. «Իրան Կը Զօրակցի Նախագահական Ընտրութիւնը Ճշդուած Ժամկէտին Կատարելու Յանձնառութեան»

Նախագահ Սլէյման կը պարգեւատրէ Ապատին

Նախագահ Սլէյման կը պարգեւատրէ Ապատին

Իր ստանձնած դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով, Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի հրաժեշտի այցելութիւններ տուաւ իշխանութեան պետերուն եւ պետական պաշտօնատարներուն:

Այս առիթով Ապատի այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս իրանցի պաշտօնատարի մը կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները, որոնք կը վերաբերէին հարաւային Լիբանանին:

Այս մասին Ապատի հաստատեց, որ այդ յայտարարութիւնները Իրանի պաշտօնական կեցուածքը չեն դրսեւորեր` ընդգծելով, որ Իրան յանձնառու կը մնայ Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ապահովական կայունութեան:

Իր պաշտօնը աւարտելուն առիթով, նախագահ Սլէյման Ապատին պարգեւատրեց նախագահութեան զինանշանով:

Այն Թինէի Մէջ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ապատին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական ու շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, թէ ինք շնորհակալութիւն յայտնած է խորհրդարանի նախագահին, նախորդ չորս տարիներուն ընթացքին անոր ի գործ դրած ճիգերուն համար, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդել, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան նեցուկ կանգնիլ:

Ապատի շեշտեց նաեւ, որ Իրան կը զօրակցի նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին կատարելու յանձնառութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան համախոհութեան:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութեան իմաստով դրական նշոյլներ եւ մթնոլորտ կը տիրէ` մաղթելով, որ իրենց որոշումին տէր կանգնող լիբանանցիները մօտիկ ապագային կարենան ընտրել հանրապետութեան նոր նախագահը:

Պասիլի Մօտ

Ապատի այցելեց նաեւ Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ապատի վերահաստատեց Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու Թեհրանի զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ Իրան կը զօրակցի Լիբանանի ապահովական կայունութեան:

Ապատի նշեց, որ Պասիլի հետ քննարկած է լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES