Պըրրի Նախագահեց Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոքի Նիստին

Պլոքի նիստէն պահ մը

Պլոքի նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան այսօրուան եւ վաղուան խորհրդարանի նիստերուն վերաբերող հարցեր` նկատի ունենալով հանրապետութեան նախագահին կողմէ խորհրդարանին ուղղուած նամակին եւ նախագահական ընտրութեան վերաբերող նիստերը:

Պըրրի ընդունեց նաեւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որ գործուղուած էր Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին Ապու Ֆաուր Պըրրին տեղեակ պահեց Փարիզի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքներուն մասին:

Քննարկուեցան նաեւ նախագահական ընտրութեան վերաբերող խնդիրներ` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի:

Share this Article
CATEGORIES