«Նախագահական Յաջորդ Նստաշրջանը Հեզասահ Պիտի Սկսի` Նկատի Ունենալով Երկրին Կայունութիւնը Պահպանող Սկզբունքները» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Նախագահ Սլէյման` Թրիփոլիի պատուիրակութեան հետ

Նախագահ Սլէյման` Թրիփոլիի պատուիրակութեան հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդունեց Թրիփոլիի կրօնաւորներու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար, մարոնի համայնքի առաջնորդ Ժորժ Ապու Ժաուտէ եպիսկոպոս, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական, վարչական եւ կառավարական իրադարձութիւնները:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց ազգային համերաշխութիւնն ու պետութեան կերտման լիբանանեան մեթոտը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

«Նախագահական յաջորդ նստաշրջանը հեզասահ պիտի սկսի` նկատի ունենալով երկրին կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանող սկզբունքները», ընդգծեց նախագահ Սլէյման:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց Թրիփոլիի մէջ ապահովական ծրագիրին գործադրութեան արձանագրած յաջողութիւնը` շրջանին մէջ կայունութիւնը ապահովելու առումով:

Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը առաջնահերթ եւ կարեւոր կը նկատէ Թրիփոլիի բարգաւաճումը` աւելցնելով, որ պէտք է ամրապնդել միասնականութիւնը եւ խզել երկրին դէմ սպառնացող վտանգները:

Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխաններ Պահիա Հարիրի, Նատիմ Ժեմայէլ, Խալետ Զահրաման եւ Ֆատի Քարամ:

Նշենք նաեւ, որ «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց հանրապետութեան նոր նախագահը սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին ընտրելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ ինք խիղճը հանգիստ պիտի մեկնի Պաապտայէն:

Նախագահ Սլէյման նշեց, որ նախագահական պաշտօնավարութեան երկարաձգումը հակասահմանադրական է` աւելցնելով, որ ինք չի զօրակցիր մարոնի համայնքի հիմնական ղեկավարներէն մէկուն նախագահ ընտրուելուն, որովհետեւ ինք ամէն բանէ առաջ իբրեւ քաղաքացի ապրած է անոնց միջեւ մրցակցութիւնն ու տագնապները, որոնք կը թուին անվերջ ըլլալ: «Հետեւաբար ես մտահոգ եմ, որ եթէ անոնցմէ մէկը ընտրուի, ապա միւսէն իր վրէժը պիտի լուծէ», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

Սուրիոյ հետ իր յարաբերութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ ինք օր մը օրանց Սուրիոյ դէմ չէ յարձակած կամ անոր հետ չէ գժտուած: «Ընդհակառակն` Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դաշնակիցներն են, որ ինծի դէմ լարուած են ու զիս վարկաբեկած», ըսաւ ան:

 

Share this Article
CATEGORIES