Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Նատեր Հարիրին
Մինչ խորհրդարանը այսօր կէսօրին կը քննարկէ նախագահական ընտրութեան մասին իրեն ուղղուած նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նամակը, իսկ վաղը կէսօրին սկզբունքով կ՛ուղղուի ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահը, այդ իմաստով ներքին թէ արտաքին խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին:
Անոնց շրջագիծին մէջ, երէկ երեկոյեան մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրին, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին ընթացքին կատարելու նպատակով կատարուած հանդիպումներուն արդիւնքները:
CATEGORIES Լիբանանեան

