Ժետտայի Մէջ . Վարչապետ Սալամ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորին Հետ

Վարչապետ Սալամ եւ Ապտալլա

Վարչապետ Սալամ եւ Ապտալլա

Սէուտական Արաբիա կատարած իր պաշտօնական առաջին այցելութեան շրջագիծին մէջ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Ժետտայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ:

Չծրագրուած այս հանդիպումին ընթացքին Սալամ Ապտալլա թագաւորին հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Սալման պըն Ապտել Ազիզ իշխանին հետ եւ դարձաւ անոր ճաշի հիւրը:

Սէուտական Արաբիա կատարած իր այցելութեան աւարտին, վարչապետ Սալամ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ սէուտական իշխանութիւնները կը շեշտեն, որ նախագահական ընտրութիւնը զուտ լիբանանեան պարտաւորութիւն է, եւ այդ իմաստով համախոհութիւն կը մաղթեն լիբանանցիներուն:

Սալամ նշեց, որ Սէուտական Արաբիա կատարած իր այցելութիւնը յաջող էր եւ ապագայի իմաստով բարեբեր պիտի ըլլայ` նկատի ունենալով երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան ամրապնդումը:

Նախագահական ընտրութիւն չկատարելու եւ նախագահական աթոռին թափուր մնալուն առումով վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ երկրին սահմանադրութեան 62-րդ յօդուածին համաձայն, հանրապետութեան նախագահին իշխանութիւնը կը ստանձնէ կառավարութիւնը, որ ամէն իմաստով երկրին գործադիր գլխաւոր հեղինակութիւնն է:

Վարչապետ Սալամ դրուատեց սէուտցի քաղաքացիներուն Լիբանան այցելութիւնը` ընդգծելով, որ անոնց Լիբանան վերադարձը սկսաւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի վերադարձով եւ անոր կատարած դրական յայտարարութիւններով:

Վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց սէուտցիներուն իրենց ամառնային արձակուրդը անցընելու Լիբանանի մէջ:

Նշենք, որ նախանցեալ երեկոյեան Սալամ եւ անոր ընկերակցող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը այցելեցին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որ ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ վարչապետին:

Սալամ եւ Հարիրի դռնփակ հանդիպումի մը ընթացքին քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան հարցը:

Share this Article
CATEGORIES