Ռուստամեան. «Քանի Տակաւին Չենք Հրաժարած Մեծամասնական Ընտրակարգէն, Չենք Կրնար Խօսիլ Հաւասար Մրցակցային Պայքարի Մասին»
Խորհրդարանին մէջ երէկ քննարկուեցաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւորներ Արմէն Ռուստամեանի, Աղուան Վարդանեանի, Արծուիկ Մինասեանի եւ Արմէն Բաբայեանի կողմէ ներկայացուած` Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքին, Ազգային Ժողովի կանոնակարգ օրէնքին եւ «Սահմանադրական դատարանի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրինագիծը, որ կ՛առաջարկէ անցում կատարել հարիւր տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգին:
Հիմնական զեկուցող, Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ քննարկուող հարցը չի կորսնցներ իր արդիականութիւնը, երբ տակաւին չէ լուծուած այդ հարցը: «Այսօր Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերը համաձայն են այդ փոփոխութեան, բացի Հանրապետական կուսակցութենէն: Ինչո՞ւ. որովհետեւ խնդիրը այն է, որ պիտի վերցուի մեծամասնական ընտրակարգը: Իշխանութիւնները մեծամասնականէն ոչ մէկ գնով կ՛ուզեն հրաժարիլ, որովհետեւ ատիկա կ՛ապահովէ իշխանութիւններու վերարտադրումը», ըսաւ ան:
Ըստ պատգամաւորին, եթէ կարգ մը էական հարցեր չլուծուին, ապա բոլոր փոփոխութիւնները չեն կրնար երաշխաւորել ընտրութիւններու միջոցով իշխանութիւններու փոփոխութիւնը: Ըստ Ռուստամեանի, Հայաստանի մէջ երկու հիմնական անհերքելի փաստ գոյութիւն ունի` այն, որ Հայաստանի մէջ ընտրութիւններու միջոցով երբեք իշխանութիւն չի փոխուիր, եւ որեւէ ընտրական համակարգ կարելի չէ բնականոն նկատել, եթէ չ՛ապահովեր հիմնական խնդիրը, այսինքն` իշխանութիւնը չի ձեւաւորուիր ընտրութիւններու միջոցով: Եւ ով որ այս կամ այն իրադարձութիւններու արդիւնքով կը հասնի իշխանութեան, ան կը պահպանէ իշխանութիւնը մինչեւ վերջ` մինչեւ քաղաքական արտակարգ իրավիճակ, ասիկա մեծագոյն խնդիրն է:
Ըստ Արմէն Ռուստամեանի, բոլոր դիտարկումները ցոյց կու տան, որ մեծամասնական ընտրակարգը գերակշիռ մասով ապահոված է իշխանութեան թեկնածուներու ընտրութիւնը եւ կը ստեղծուի իրավիճակ մը, որ թէեւ ոչ իշխանական ուժերը համամասնական ընտրակարգով ձեռք բերուած ձայներու քանակով մեծամասնութիւն են, բայց մեծամասնութիւն չեն Ազգային ժողովին մէջ:
«Մեծամասնութիւն չենք, որովհետեւ իշխանութիւնը 41 յաւելեալ աթոռները միշտ իր գրպանին մէջ ունի: Ասիկա չի կրնար ժողովրդավարական ընտրութեան մասին խօսիլ, եւ պարզ է, որ իշխանութիւնը չի կոտրեր այն ճիւղը, որուն վրայ նստած է, ահա` ինչու հանրապետականները միշտ անոր դէմ կ՛ըլլան: Քանի տակաւին մենք անոնցմէ չենք հրաժարիր, չենք կրնար խօսիլ հաւասար մրցակցային պայքարի մասին», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան: Ըստ պատգամաւորին, ներկայացուցչական ժողովրդավարութիւնը այս ընտրակարգով կարելի չէ ապահովել:
Ռուստամեան նշեց, որ մեծամասնական ընտրակարգը կ՛ապահովէ իշխանութիւններու վերարտադրութիւնը` ձեւաւորելով կիսաւատապետական շրջաններ, որոնք սեփականաշնորհուած են անհատներու կողմէ: «Պատկերացնենք խորհրդարանական համակարգը, երբ չկան մեծամասնական շրջանները, կ՛ըլլար այն, որ խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կը կազմէին չորս կամ հինգ ուժեր, որոնք կը նշանակէին վարչապետ եւ այլն: Այնպէս որ էական բան կը փոխուէր, եթէ մեծամասնական ընտրակարգը չ՛ըլլար», ըսաւ ան: Անդրադառնալով հանրապետական պատգամաւորներու այն փաստարկին, թէ համամասնական ընտրակարգը չի կրնար գործել այնպիսի համակարգի մէջ, ուր կուսակցական համակարգը կայացած չէ, Արմէն Ռուստամեան պատասխանեց հետեւեալը. «Ինչպէ՞ս կը պատահի, որ ընդդիմութիւնը միշտ վատ է ու չէ կայացած, իսկ իշխանութիւնները միշտ լաւ են ու կայացած: Այդպէս կ՛ըլլայ, որ այնքան լաւ են, որ անընդհատ կրնան վերարտադրուիլ»:

