Մինսքի Խմբակ. «Զինադադարի Խախտումները Քննելու Մեքանիզմի Բացակայութիւնը Կողմերուն Թոյլ Կու Տայ Մեղքը Բարդելու Իրարու Վրայ»
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 16-19 մայիսին շրջան այցելութեան աւարտին հրապարակած են յայտարարութիւն մը: Այցելութեան ընթացքին անոնց հետ եղած է նաեւ դեսպան Փիեռ Անտիօ, որ յունիսին պիտի փոխարինէ ֆրանսացի համանախագահը:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ այցելութեան հիմնական նպատակը եղած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Քարվաճառի (յայտարարութեան մէջ կը նշուի Քելբաջար) եւ Բերձորի մէջ (յայտարարութեան մէջ կը նշուի Լաչին) իրավիճակին ծանօթացումը` համաձայն իրենց ունեցած լիազօրութեան:
«Ճանապարհորդելով այս տարածքով` անոնք (համանախագահները) ենթակառոյցներուն մէջ բարելաւման նշաններ նկատած են, սակայն չեն նկատած վերջին տարիներուն բնակչութեան թուաքանակի փոփոխութեան որեւէ նշան», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Համանախագահները նաեւ այցելած են Սարսանգի ջրամբար եւ քննարկած ատոր կարգավիճակը կառավարիչներուն հետ: Անոնք յոյս յայտնած են, որ կողմերը համաձայնութեան կը հասնին այս ջրային պաշարները միասնաբար կառավարելու հարցին մէջ` ի շահ շրջանին:
Ինչպէս նախապէս հաղորդուած է, 19 մայիսին համանախագահները կտրած են սահմանագիծը Տերտերի մօտ: Անոնք իրենց ափսոսանքը յայտնած են զինադադարի շարունակուող խախտումներուն եւ անոնց պատճառով յառաջացած մարդկային զոհերուն վերաբերեալ: «Զինադադարի այս խախտումները քննելու մեքանիզմի բացակայութիւնը կողմերուն կ՛արտօնէ մեղքը բարդել մէկը միւսին վրայ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Այցելութեան ընթացքին համանախագահները հանդիպած են Երեւանի եւ Պաքուի պաշտօնատար անձերուն հետ: «Հանդիպումներուն ընթացքին անոնք քննարկած են խաղաղութեան հոլովոյթը եւ ընդգծած, որ կը շարունակեն խնդիրի տեւական լուծման հիմք մնալ 2009-էն 2013 թուականներուն համանախագահող երկիրներու նախագահներուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն մէջ նշուած բաղադրիչները», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

