Յովիկ Աբրահամեան Ազգային Ժողովին Ներկայացուց Կառավարութեան Ծրագիրը

2005Hovig-Aprahamian1Երէկ խորհրդարանին մէջ ներկայացնելով կառավարութեան ծրագիրը` վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան քանի մը անգամ շեշտեց, որ անիկա իրատեսական է, խստապահանջ եւ ականջալուր:

«Իրատեսական, սակայն` յաւակնոտ, խստապահանջ, սակայն` ոչ անտարբեր, եւ ականջալուր, սակայն իմ քաղաքական գիծիս հետամուտ», ըսաւ վարչապետը:

Ներկայացնելով կառավարութեան ծրագրային դրոյթները` վարչապետը անդրադարձաւ կուտակային կենսաթոշակային համակարգին: Ան ամբոխահաճոյ որակեց կուտակային համակարգի կասեցման վերաբերող գաղափարները` ընդգծելով, որ ատիկա միեւնոյնն է` պիտի ունենայ պարտադիր բաղադրիչ:

«Կենսաթոշակային բարեփոխումները մեր երկրին մէջ անհրաժեշտ են, եւ անոնք անպայման պիտի ունենան պարտադիր բաղադրիչ, սակայն մենք պարտաւոր ենք բարեփոխումներու այնպիսի ուղի գտնել, որ շահաւէտ ըլլայ բոլորին համար եւ խթանէ մարդոց մասնակցութիւնը այդ հոլովոյթին: Ատիկա պէտք է ըլլայ «պարտադիր, բայց ոչ պարտադրուած», եւ մենք ամէն օր  կ՛աշխատինք այդ լուծումը ձեւաւորելու ուղղութեամբ եւ շուտով պիտի ներկայացնենք ձեր դատին», ըսաւ Աբրահամեան:

Յովիկ Աբրահամեան խոստացաւ նաեւ գործարարներու համար հաւասար մրցակցային դաշտ ստեղծել, անողոք պայքարիլ ստուերի երեւոյթին դէմ:

«Ստուերը բոլորիս թշնամին է, եւ պայքարը ստուերին դէմ պիտի ըլլայ անողոք, անաչառ եւ հետեւողական: Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս  յայտարարել, որ իւրաքանչիւր անհատ բարեփոխումները պէտք է սկսի իր անձէն: Աւելի խստապահանջ պիտի ըլլամ մօտիկներու նկատմամբ: Եւ նոյնը կը պահանջեմ կառավարութեան բոլոր անդամներէն: Եւ բոլորը պէտք է գիտակցին, որ իշխանական լծակներու օգնութեամբ մեր երկրին մէջ ոչ ոք կրնայ իւրացնել ուրիշին ունեցուածքը կամ գործը», ըսաւ ան:

Նշենք, որ կառավարութեան եռամեայ ծրագիրով  կը նախատեսուի ապահովել տարեկան 5 տոկոս տնտեսական աճ, նուազագոյն աշխատավարձը հասցնել 65 հազար դրամի, իսկ աղքատութիւնը 35 տոկոսէն կրճատել մինչեւ 25 տոկոս:

Տակաւին յստակ չէ, թէ յստակ քանի աշխատատեղիներ պիտի ստեղծէ Յովիկ Աբրահամեանի ղեկավարած կառավարութիւնը: Ծրագիրին մէջ այդ մասին որեւէ բան չ՛ըսուիր: Աբրահամեան յստակ թիւերու բացակայութիւնը այսպէս բացատրեց:

«Ես սուտ խոստումներ չեմ ուզեր տալ: Իմ կարծիքով` կառավարութեան գործը չէ աշխատատեղի ստեղծելը: Կառավարութեան գործն է պայմաններ ստեղծելը, որ տնտեսութիւնը զարգանայ եւ աշխատատեղի ստեղծուի: Հիմա գրենք 100 000 աշխատատեղիներ, սակայն ես դէմ եմ այսպիսի թիւեր գրելուն, ինչ որ իրականանալի չէ», ըսաւ վարչապետը:

Կառավարութեան ծրագիրի առաջնահերթութիւնները ներկայացնելէ ետք պատգամաւորները Յովիկ Աբրահամեանին հարցումներ ուղղեցին:  Նայիրա Զոհրապեան նկատել տուաւ, որ թէեւ վարչապետը  կը յայտարարէ, որ ականջալուր պիտի ըլլայ ժողովուրդի ցանկութեան, բայց կառավարութեան ծրագիրին մէջ կը հաստատէ կուտակային պարտադիր բաղադրիչը: Նայիրա Զոհրապեան յիշեցուց Սերժ Սարգսեանի խօսքերը, որ հասարակութեան 80 տոկոսը դէմ է պարտադիրին:

Ի պատասխան Յովիկ Աբրահամեան անգամ մը եւս կրկնեց իր յայտնի թեզը` ըսելով, թէ կուտակային համակարգը պիտի ըլլայ պարտադիր, բայց ոչ պարտադրուած:

Նշենք, որ Յովիկ Աբրահամեանի ղեկավարած նոր կառավարութեան ծրագիրին մէջ  կը խօսուի Մաքսային եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու անհրաժեշտութեան մասին: Մինչդեռ Տիգրան Սարգսեանի կառավարութիւնը  կը խոստանար մինչեւ 2017 թուականը աւարտին հասցնել Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւնները: 180 աստիճանով փոխելով արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնը, կառավարութիւնը ներկայիս ընդամէնը կը խօսի Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան նոր շրջանակ ձեւաւորելու մասին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES