Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր երկինքին վերեւ արեւը պայծառ պիտի ըլլայ, զերծ` հոգերէ: Կրնաք իրագործել ձեր փափաքը, օրը պիտի օգնէ ձեր ծրագիրները յաջողութեամբ պսակելու:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ծրագիրը, որ կը սնուցանէիք ամբողջ սրտով, պիտի կարենաք իրագործել, որովհետեւ անիկա պիտի արժանանայ ամէնուն հաւանութեան: Պիտի շնորհաւորեն ձեզ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ունիք այնպիսի նախազգացում կամ տպաւորութիւն, թէ առանձին մնացած էք` իրագործելու կարգ մը հարցեր: Այս տպաւորութիւնը ճիշդ չէ, լաւատես եղէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մօտ ատենէն պիտի կարենաք իրագործել ձեր փափաքը` պտոյտ մը կամ այցելութիւն մը կատարելու դէպի անծանօթ վայրեր, նոր միտքեր, փորձառութիւն ունենալու:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտի գտնէք կորսուած կարեւոր թուղթ մը: Ասիկա դաս մը թող ըլլայ ձեզի, որպէսզի ուշադրութիւն ընէք կանոնաւոր կերպով պահելու ձեր պաշտօնական գրութիւնները, փաստաթուղթերը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մտիկ ըրէք այն, ինչ որ կ՛ըսեն ձեզի աշխատանքի կապակցութեամբ: Արտայայտութիւն մը կրնայ ձեր մտքին մէջ նոր գաղափար մը յայտնաբերել:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պիտի արտայայտէք այնպիսի հարցադրում մը, որ ոչ մէկը կրնար յուսալ ձեզմէ: Այսպիսով պիտի յայտնուի, թէ կարող էք կարեւոր հարցեր լուծել: Ձեր շուրջինները պիտի զարմանան ձեր կարողութեան:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեզի պիտի առաջարկուի մասնակցիլ մշակութային հանդիսութեան մը: Մի՛ մերժէք, որովհետեւ կարեւոր հանդիպում մը պիտի ըլլայ ձեզի համար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Բարոյական դասեր տալու կամ առնելու հոգը չունիք: Այս կապակցութեամբ բնաւ հոգ չէք ըներ: Որքա՛ն լաւ: Մնացէք այնպէս, ինչպէս որ էք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Դուք ձեզ զգացէք ձեր լաւագոյն օրուան մէջ եւ կատարեցէք կարեւոր գործունէութիւն մը, որ պիտի արժանանայ դրուատիքի: Օրը յաջող եւ հաճելի է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր գործերը լաւ պիտի ընթանան. այսուհանդերձ, մի՛ փորձէք տարբեր մտածումներով փոփոխութիւն մը ընել: Ուշադրութիւն ըրէք ամէն պարագայի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի արժանանաք ձեր շրջապատի յարգանքին եւ սիրոյն: Ձեր երախտագիտութիւնը պիտի յայտնէք ամէնուն` իբրեւ սիրելի անձերու: Երանելի եւ հաճելի օր:

