50 Տարի Առաջ (22 Մայիս 1964)
Ուիլիըմ Սարոյեան
Իր Պապենական Հողերուն Վրայ
Գրագէտը Մեծ Յուզումով Հանդիպած Է Երկու Հայերու
Մուշէն Մեկնած Է Տիգրանակերտ
Մուշէն Պետրոս Զօպեան հեռաձայնով հետեւեալ տեղեկութիւնները տուած է.-
Ուիլիըմ Սարոյեանի կեանքին ամէնէն երջանիկ օրն էր շաբաթ: Այսինքն` այն օրը, երբ պիտի տեսնէր իր սիրական Պիթլիսը: Երբ իր ծնողքին ծննդավայրին մօտեցանք, ուզեց ինք վարել ինքնաշարժը եւ այդպէս մտանք Պիթլիս:
– Այս առտու շատ կը քրտնիմ, սիրտս սաստիկ կը զարնէ,- ըսաւ Սարոյեան եւ շարունակեց.
– Այնքան ուրախ եմ, որ եթէ նոյնիսկ հիւանդ ըլլայի, Պիթլիս պիտի մտնէի այսօր:
Պիթլիսի մէջ գրագէտը յափշտակութեամբ կը դիտէր չորս կողմը: Ծնողքը այնքան լաւ բացատրութիւններ տուած են իրեն, որ հարազատութեամբ կը ճանչնայ քաղաքը, կարծես թէ ապրած ըլլար հոն:
Պիթլիսէն երեք քմ առաջ կանգ առաւ Բաբլին աղբիւրին առջեւ, ուր եւ պատուիրակներ կը սպասէին: Սարոյեան խմեց այդ աղբիւրի ջուրէն եւ ըսաւ.
– Այս ջուրի մասին խօսեր էին ինծի, լաւ ջուր է:
Երբ դիմացի բլուրին վրայ կը տեսնուի իրենց գիւղը` Զաբլկոր. Սարոյեանի յուզումը կ՛աւելնայ: Եթէ կարենայ, պիտի ցատկէ լեռներուն վրայէն` ժամ առաջ հասնելու համար հոն:
Երբ քաղաք կը մտնենք, Սարոյեան կը գոչէ.
– Ահաւասիկ քաղաքը, ծառերը, Աղեքսանդրի պատը…: Ասոնք բոլորը կը ճանչնամ: Պիթլիսի համար ի՛նչ կ՛ուզեն ըող ըսեն, սքանչելի տեղ է:
Պիթլիսի մէջ Սարոյեան այցելեց քաղաքապետին, ապա` կուսակալին, որոնց հետ երկարօրէն խօսակցեցաւ Պիթլիսի հանդէպ իր ունեցած սիրոյն ու տպաւորութիւններուն մասին:
Կէսօրէ ետք գացինք գրագէտին ծնողներուն ծննդավայրը` Զաբլկոր, ուր Սարոյեան հանդիպեցաւ 70 տարու ծերունիի մը, որ ճանչցած էր անոր հայրը:
Պիթլիսի մէջ հանդիպեցանք նաեւ Արեգ Գույումճեան անուն պահեստի սպայի մը, որ ներկայիս ուսուցչութիւն կ՛ընէ:
Շաբաթ գիշեր Պիթլիսի Լիսէին մէջ ներկայացուեցաւ Ռեճիպ Պիլկիների «Իսեանճըլար» անուն թատրերգութիւնը, որուն ներկայ եղաւ Սարոյեան:
Այս առաւօտ (կիրակի) Սարոյեան պանդոկը մնաց, իսկ մենք այցելեցինք Կուլթիկ գիւղը: Կէսօրին վերադարձանք Դադվան, ուր հացկերոյթ մը սարքած էր քաղաքապետ Նուորեթ Պուտունչ:
Ճաշին ներկայ էին նաեւ զօրաբանակի հրամանատար Շեֆիք Էրենսիւ եւ զօր. Ատնան Էրսէօզ:
Կէսօրէ ետք այցելեցինք Մուշ: Սարոյեան մեծ պատիւներով եւ խանդավառութեամբ կը դիմաւորուի ամէն տեղ: Մուշէն մեկնումի պահուն մեծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր մեր ինքնաշարժին շուրջ: Ներկաները ծափահարութիւններով ողջերթ մաղթեցին գրագէտին:
Երկուշաբթի առաւօտ ճամբայ կ՛ելլենք դէպի Տիգրանակերտ:
Սարոյեան Հօրենական Ծննդավայր
Պիթլիսի Մէջ
Սաստիկ Կը Յուզուի Երբ Կը Տեսնէ
Իրենց Տան Փլատակները
Քարերը Կը Համբուրէ Եւ Կը Պարէ Տղոց Հետ
«Ճումհուրիյէթ» թրքական թերթին թղթակիցը, որ կ՛ընկերանայ Ուիլիըմ Սարոյեան ուխտագնացութեան, կը գրէ Պիթլիսէն.-
Ուիլիըմ Սարոյեան այս առտու, երբ կ՛ելլէր Դադվանի պանդոկէն, ըսաւ, թէ «երբ օրը լաւ սկսի, լաւ կը վերջանայ»: Երկու պիթլիսցիներ եկեր էին լեռնային ծաղիկներով զինք դիմաւորելու: Սարոյեան անոնց վիզին պլլուեցաւ: Քանի կը մօտենայինք Պիթլիսին, այնքան կ՛աւելնար իր յուզումը, եւ երբ մեր ինքնաշարժը Ռահվայի կը մօտենար, լեռները ցոյց տալով` ըսաւ. «Այստեղերը գոց գիտեմ, ծնողքս եւ ընտանեկան պարագաներս ինծի բացատրած են Պիթլիսը»:
Ժամը 10:50-ին, Պիթլիսին երկու քիլոմեթր մնացած, ուրիշ խումբ մըն ալ լեռնային ծաղիկներու փունջերով եկաւ դիմաւորելու հռչակաւոր գրագէտը: Ժամը 10:58-ին, Սարոյեան ողջունեց իր պապենական օճախը` Զաբլկոր գիւղը: Տղու մը պէս յուզուած էր: Ձեռքերովը ցոյց կու տար ծառերը եւ կ՛ըսէր. «Գիտեմ այդ բոլոր ծառերը, ինծի պատմած են, շատ լսած եմ: Ա՛լ պիթլիսցի մըն եմ ես, կեանքիս ամէնէն իմաստալից օրը կ՛ապրիմ. այդ տուներուն քարերը շատ ամուր են, կանոնաւոր տաշուած են»:
Պահ մը դադրեցաւ ինքնաշարժը վարելէ եւ պոռաց. «Հայրս այս ճամբաներէն քալած է»: Բարեւեց ճամբու եզերքը հաւաքուած տղաքը եւ յուզումով աղաղակեց. «Պիթլի՜ս, Պիթլի՜ս, Պիթլիս»:
Պիթլիսի ծխախոտէն պլորուած սիկառը վառեց եւ սրտանց «օ՜խ» մը ըսաւ: Ժամը 14:30-ին այցելեց իր հայրենի օճախը, ծերունի պիթլիսցի մը ցոյց տուաւ իրենց տունին տեղը. «Այստեղ ընդարձակ պարտէզ մը կար,- ըսաւ,- սա ալ ձեր տունն էր…»:
Սարոյեան շատ յուզուած էր, կանգուն մնացած պատի մը պատուհանը ձեռքովը սրբեց, գետնէն քարեր առաւ, զանոնք շոյեց, ծաղիկներ փրցուց եւ ելաւ բարձունքը, իր ընտանի տան փլատակներուն վրայ, ուր է՜ր երբեմն իր ծնողքը այնքան բարեկեցիկ կեանք մը ունէին, եւ ըսաւ.
– Ապրելու համար շատ աղուոր տեղ մը, ծաղիկները աղուոր, բնութիւնը աղուոր, մարդիկը աղուոր, ամէն ինչ աղուոր:
Սարոյեան երկա՜ր երկար դիտեց իրենց տան փլատակները եւ ըսաւ. «Անմոռանալի յիշատակ մը եւ օր մը` ինծի համար: 55 տարի այս պահը ապրեցայ, երեւակայեցի, չեմ կրնար հաւատալ, թէ հոս եմ»:
Պիթլիսցիները ընկերացան Սարոյեանին, որ երկու ժամ քալեց անոնց հետ, տեղեկութիւններ ստացաւ Պիթլիսի մասին: Այցելեց բերդը, շուկան թէյ խմեց:
Գրագէտը ըսաւ, թէ թատերախաղ մը պիտի գրէ Պիթլիսի մասին: «Ամէն բան ինծի ըսուածին պէս է եղեր, նոյնիսկ` աւելի աղուոր, եթէ չտեսնէի, մեծ կորուստ մը պիտի ունենայի»:
Սարոյեան շուկային մէջ փաթթուեցաւ իրեն բարի գալուստ մաղթող պիթլիսցիներու վիզին, բերդին առջեւ պարող տղաքը տեսաւ եւ պարեց անոնց հետ: Լսեց անոնց տոհմիկ երգերը եւ ըսաւ. «Եթէ մեռնիմ, աչքս բաց չեմ երթար»:

