Փորձ-Հարցարան. Ինչպիսի՞ Մայր Էք

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Quel-type-de-maman-etes-vous1

Ձեր մօրմէ ի՞նչ յիշատակ ունիք:

ա.- Երջանիկ մանկութիւն մը շնորհած է ձեզի:
բ.- Լաւ խրատներ տուած է:
գ.- Անսահման գուրգուրանք ցուցաբերած է:

2

Երբ գիշերը կ՛արթննաք…

ա.- Դիրք կը փոխէք ու դարձեալ քունի կ՛անցնիք:
բ.- Կը ստուգէք, որ երեխաները հանգիստ կը քնանա՞ն:
գ.- Կը նկատէք, որ ձեր մանչուկը ձեր մահճակալին մէջ է, կը փաթթուիք անոր ու դարձեալ կը քնանաք:

3

Ի՞նչ յաճախականութեամբ, առանց զաւակներու, ձեր ամուսինին հետ դուրս կ՛ելլէք:

ա.- Առնուազն շաբաթը մէկ անգամ: Երեխաները կը սիրեն իրենց մեծ հօր ու մեծ մօր տունը երթալ:
բ.- Միասին դուրս չէք ելլեր, միշտ ձեզմէ մէկը երեխաներուն հետ կը մնայ:
գ.- Միշտ ընտանեօք դուրս կ՛ելլէք:

4

Ձեր զաւկին դպրոցի առաջին օրը…

ա.- Հեռուէն համբոյր մը կը ղրկէք եւ բարի օր կը մաղթէք:
բ.- Գիշերուընէ ամէն բան պատրաստած էք, մինչեւ իսկ առաւօտեան տալիք կենսանիւթի դեղահատը:
գ.- Անձամբ դպրոց կը հասցնէք, ամուր կը համբուրէք եւ բարի օր կը մաղթէք:

5

Ձեր ազատ ժամերուն…

ա.- Բարեկամուհիներու կ՛այցելէք եւ կը զուարճանաք:
բ.- Տունը գիրք կը կարդաք, առիթ է, որ մէկ աչքով երեխաներուն հսկէք:
գ.- Երեխաներուն հետ խաղ մը կը կազմակերպէք:

6

Ձեր զաւկին տարեդարձի լաւագոյն նուէրը ո՞րն է:

ա.- Անոր պատրաստած ցանկէն նուէր մը:
բ.- Հեծանիւ մը եւս ապահով գլխարկ մը` արկածէ պաշտպանուելու համար:
գ.- Սրտիկէ բարձ մը:

7

Ձեր զաւակը գլխացաւ ունի.

ա.- Դեղահատ մը կու տաք եւ կը ղրկէք, որ քիչ մը պառկի ու հանգստանայ:
բ.- Անմիջապէս բժիշկին կը հեռաձայնէք:
գ.- Ձեր գիրկը կ՛առնէք եւ գորովալի խօսքերով կը փորձէք հանգստացնել:

Պատասխան

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, հանդարտ մայր էք, մտահոգ նկարագիր չունիք, իւրաքանչիւր «դժբախտութեան» լուծում կը գտնէք: Որոշ ազատութիւն տուած էք ձեր զաւակներուն, քանի որ վստահութիւն ունիք անոնց վրայ:

***

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, քիչ մը վախկոտ մայր էք: Աշխարհը «թակարդներով» լեցուն է եւ ամէնուրեք վտանգ կը տեսնէք: Միշտ ձեր զաւակներուն կողքին էք, պատրաստ զանոնք պաշտպանելու. բայց իմացէք, որ այդ ձեւով անոնք երբեք անկախ եւ ինքնաբաւ չեն դառնար:

***

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, «հաւ» մայր էք, ձեր զաւակները ձեզմէ չէք հեռացներ. կ՛ուզէք, որ անոնք երբեք չմեծնան ու չհեռանան ձեզմէ: Տեւաբար զանոնք շոյելու եւ սիրելու վիճակին մէջ էք:

Առիթ տուէք, որ անոնք մեծնան եւ ինքնուրոյն դառնան, այլապէս ապագային հոգեբանական հարցեր կը դիմագրաւեն:

 

Գործնական Թելադրանքներ

Նուռը Ինչպէ՞ս Մաքրել

Շատեր կը հրաժարին նուռ ուտելէ, քանի որ կը դժուարանան:

Նուռը դիւրաւ մաքրելու համար հետեւեցէք հետեւեալ հանգրուաններուն.

Ա.- Կեղեւը չորսի բաժնել: Բ.- Զայն ջուրով լեցուն ամանի մը մէջ ձգել, քանի որ  ջուրը կ՛օգնէ, որպէսզի հատիկները դիւրաւ բաժնուին կեղեւէն:

Ա.- Կեղեւը չորսի բաժնել:
Բ.- Զայն ջուրով լեցուն ամանի մը մէջ ձգել, քանի որ ջուրը կ՛օգնէ, որպէսզի հատիկները դիւրաւ բաժնուին կեղեւէն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Դ.- Վերջապէս կը ստանաք մաքրուած հատիկները, որոնք ընդհանրապէս ջուրին երեսը կը բարձրանան:

Դ.- Վերջապէս կը ստանաք մաքրուած հատիկները, որոնք ընդհանրապէս ջուրին երեսը կը բարձրանան:

Գ.- Նուռը ջուրին մէջ ձգելով հանդերձ, կեղուել:

Գ.- Նուռը ջուրին մէջ ձգելով հանդերձ, կեղուել:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ձեռային Աշխատանքներ

Փափիյոնով Վզնոց

2105colifichetՏարբեր գոյնի կտորներով (օգտագործեցէք հին թի- շըրթներ) 4-5 փափիյոն պատրաստեցէք եւ զանոնք ասեղ-դերձանով իրարու միացուցէք անհամաչափ ձեւով, ինչպէս որ նկարը ցոյց կու տայ:

Ծայրամասերուն հաստատեցէք հին վզնոցի մը շղթան կամ որեւէ այլ կապ կամ ժապաւէն, որուն վրայ անցուցած ըլլաք քանի մը ուլունք…

 

Գործնական Պայուսակ

2105HandbagԵթէ ունիք բրդեայ հին գազակ մը, զայն մի՛ նետէք, այլ թեւերուն եւ օձիքին բաժինը կտրելով` զայն վերածեցէք քառանկիւն պայուսակի մը:

Կոթին համար կարելի է շուկայէն գնել զոյգ մը փայտեայ կամ կերպընկալէ կոթ եւ կամ օգտագործել հին պայուսակի մը կոթերը:

Կռնակը Բաց Թի-Շըրթ

2105T-shirtՀին թի-շըրթի մը կարելի է երկրորդ կեանք մը տալ` զայն ձեւափոխելով:

Առէք հին թի-շըրթ մը, զայն տարածեցէք սեղանին վրայ եւ կռնակին կողմը, համաչափ հեռաւորութեամբ, հորիզոնական ճեղքեր բացէք, ապա, ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, բացուածքներուն փափիյոնի ձեւ տուէք` նոյն կամ տարբեր գոյնի կտորով փոքրիկ կապեր կարելով:

 

Բջիջայինը Լիցքաւորողի Պայուսակ

2f090e13ddf9a2d79f25a848b47356f4Վստահաբար շատեր ունին շպարի պիտոյքներու փոքրիկ թրուսներ (պայուսակներ):

Առէք կափարիչով օժտուած թրուս մը, կափարիչին վրայ բացէք քառանկիւն բացուածք մը, որուն մէջէն կրնաք անցընել լիցքաւորողին վարդակը: Այսպէս, բջիջայինը կը տեղաւորէք թրուսին մէջ եւ պատէն կախուած` անիկա ինքնաբերաբար կը լիցքաւորուի…

 

Խոհագիր

Փարմիճիանա

(Ճեմի Օլիվըրի Պատրաստութիւն)

Aubergines-alla-ParmigianaԲաղադրութիւն 6 անձի համար

– 3 խոշոր, պիրկ սմբուկ
– Ձէթ
– 1 մանրուած սոխ
– 1 պճեղ ճզմուած սխտոր
– 1թէյի դգալ չոր օրիկանօ
– 1 քիլօ հասուն լոլիկ կամ պահածոյ, կեղուըւած լոլիկ
– Աղ, սեւ փոշի պղպեղ
– 1 թէյի դգալ գինիի քացախ
– 4 լեցուն բուռ թարմ տաշուած փարմըզան պանիր
– 2 բուռ փոշի քահքէ
– Քանի մը տերեւ թարմ ռեհան

Պատրաստութիւն

Սմբուկները 1 սմ թանձրութեամբ երկայնքին կտրել, տապկել եւ ծծուն թուղթի վրայ փոխադրել:

Տապակի մը մէջ քանի մը կաթիլ ձէթ տաքցնել եւ մանրուած սոխը եւ ճզմուած սխտորը մէջը դարձնել: Աւելցնել օրիկանոն եւ 10 վայրկեան եփել, մինչեւ որ սոխը թափանցիկ դառնայ:

Եթէ պահածոյ, կեղուըւած լոլիկ պիտի գործածէք, զանոնք մանր ջարդեցէք, իսկ թարմ լոլիկի պարագային` նախ կեղուեցէք եւ ապա ջարդեցէք:

Ջարդուած լոլիկը աւելցուցէք սոխին վրայ, կափարիչը գոցեցէք եւ քառորդ ժամ եփեցէք թեթեւ կրակի վրայ: Աւելցուցէք աղը, սեւ փոշի պղպեղը, քացախը եւ մանրուած ռեհանը:

Առէք փուռի ափսէ մը,  յատակը տարածեցէք լոլիկի թացանի բարակ խաւ մը, վրան տաշուած փարմըզան ցանեցէք եւ ապա շարեցէք սմբուկի շերտերը: Նոյն շարքը պահելով` կրկնեցէք գործողութիւնը եւ աւարտեցէք լոլիկի թացանով եւ փարմըզան պանիրով:

Տապակին մէջ քանի մը կաթիլ ձէթ տաքցնել, աւելցնել քահքէի փոշին եւ քիչ մը չոր օրիկանօ, 2-3 վայրկեան կրակին վրայ ձգելէ ետք կրակին վրայէն հանել եւ տարածել ափսէին երեսը:

180 ջերմաստիճանով փուռի մէջ եփել շուրջ կէս ժամ, մինչեւ որ երեսը կարմրի:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Դարդս տուի հովերին` հովերը չառան,
Դարդս տուի ծովերին` ծովերը չառան:

Դարդս տուի ընկերիս` ընկերս չառաւ,
Դարդս տուի սիրածիս` սիրածս չառաւ:

Դարդս տուի քարերին` քարերը չառան,
Դարդս տուի սարերին` սարերը չառան:

Դարդս տուի իմ դարին` դարն էլ չառաւ, չէ,
Դարն էլ չառաւ, իմ դարդին սարն էլ չառաւ, չէ:

Դարդս տուի քոյրիկիս, քոյրիկս չառաւ,
Մայրս առաւ ու հալուեց ու մի բուռ դառաւ:

Յ. ՇԻՐԱԶ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES