Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Յունաստան
Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի 90-Ամեակ
Մայիս 5-ին Աթէնքի «Աննա եւ Մարիա Քալութա» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Յունաստանի Հայ կապոյտ խաչի 90-ամեակի տօնակատարութիւնը:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լիւսի Շանկայեան, որ անդրադարձաւ յոբելենական թուականներու նշումի անհրաժեշտութեան` դիտել տալով, թէ անոնք նպատակներու եւ առաջադրանքներու վերարժեւորման, ինչպէս նաեւ հինին քով նոր արժէքներ որդեգրելու առիթներ են: Ան նաեւ անդրադարձաւ Հ. Կ. Խաչի ունեցած գործունէութեան` 90 տարուան ընթացքին: Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Լիզա Աւագեան եւ ՀՅԴ ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Քերոբ Էքիզեան, որոնք գնահատեցին միութեան եւ նուիրեալ անդամուհիներու ազգային ծառայութիւնը:
Միութեան անցած ուղիին, 90-ամեայ ձեռքբերումներուն, հայ կնոջ եւ յատկապէս սփիւռքահայ կնոջ վերաբերող հարցերուն մասին անդրադարձաւ օրուան բանախօս Նորա Քիւրտօղլեան-Գույումճեան: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Պոլիս
Սուրիահայերուն Ի Նպաստ
Նկարչական Ցուցահանդէս
Մայիս 11-ին Պոլսոյ պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի հովանաւորութեամբ, կազմակերպուեցաւ նկարչական ցուցահանդէս` մասնակցութեամբ 53 նկարիչներու. ցուցահանդէսին ամբողջ հասոյթը պիտի նուիրուի Սուրիոյ աղէտեալներուն:
Արամ արք. Աթէշեան շնորհաւորեց բոլոր այն նկարիչները, որոնք բարեհաճած էին նուիրելու իրենց ստեղծագործութիւնները: Ապա բացատրութիւններ տուաւ Թուրքիա ապաստանած սուրիահայերու մասին:
Երուանդ Օտեանին Նուիրուած Օր
Մայիս 3-ին Պոլսոյ համալսարանի Համաժողովի մշակութային կեդրոնին մէջ, «Իսթանպուլ. Սիրողական թատրոնի օրեր» անուան տակ կազմակերպուեցաւ զրոյց մը` նուիրուած նշանաւոր թատերագիր եւ գրագէտ Երուանդ Օտեանին: Այս ձեռնարկը միասնական աշխատանքն էր թուրք եւ հայ թատրոնի մասնագէտներու: Օրուան բանախօսներն էին` Պոլսոյ Շեհիր համալսարանէն Մեհմեթ Ֆաթիհ Ուսլու, Էօզեղին համալսարանէն Ֆըրաթ Կիւլլիւ եւ Մուրատ Ճանքարա, իսկ ընթերցումով ներկայացման բաժինին մէջ` «Պէրպէրեան» խումբէն Պօղոս Չալկըճեան եւ Պոլսոյ համալսարանի ուսանողներ:
Մեհմեթ Ֆաթիհ Ուսլու լայն գիծերու մէջ ներկայացուց Երուանդ Օտեանը` որպէս թատերագիրի եւ գրագէտի, ապա անդրադարձաւ անոր գործերուն, ինչպէս` «Ընկեր Փանջունի», «Չարշըլը Արթին Աղա» եւ այլն:
Պօղոս Չալկըճեան ընթերցումով ներկայացուց Երուանդ Օտեանի գործերէն նմուշներ:
Ֆըրաթ Կիւլլիւ խօսեցաւ Երուանդ Օտեանի թատերախաղերուն մասին, իսկ Մուրատ Ճանքարա լայն տեղեկութիւններ տուաւ Երուանդ Օտեանի նշանաւոր «Չարշըլը Արթին Աղա», «Ընկեր Փանջունի» եւ «Հերոսախաղ» գործերուն մասին:
Թուրք Լրագրողը Վերահրատարակած Է
Մուսա Լերան
Պաշտպանութեան Մասին Գիրքը
Յայտնի թուրք լրագրող ու հրատարակիչ Օսման Քոքեր նոր խմբագրութեամբ հրատարակեց «Անթաքիա, Իսքենտերուն, Մուսա Տաղ» գիրքը: Գիրքը կը պատմէ լերան հերոսական պաշտպանութեան մասին, ուր ներկայացուած են մինչեւ 1915-ի Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու կեանքին վերաբերող լուսանկարներ, բացիկներու եւ փաստաթուղթերու հաւաքածոներ` Օրլանտօ Քարլօ Քոլումելոյի հաւաքածոյէն, ինչպէս նաեւ եզակի լուսանկարներ` Ալեքսանտրեթի, Անտիոքի եւ Մուսա Լերան ստորոտի գիւղերու հայերու կեանքին մասին:
Օսման Քոքեր կը բերէ Ցեղասպանութեան ականատեսներու վկայութիւնները, մասնաւորապէս` Մարաշի աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ Տիգրան Անդրէասեանին վկայութիւնը, որ մանրամասնօրէն կը նկարագրէ լերան պաշտպանութիւնը:
Օսման Քոքեր կայսրութեան սուլթաններու յայտնի ճարտարապետ, ծագումով հայ Սինանի ընտանիքէն է:
Կիպրոս
Հրայր Ճէպէճեան Կ՛արժանանայ
Դոկտորական Վկայականին
Աստուածաշունչի Ընկերութեան Արաբական Ծոցի երկիրներու Խնամակալ մարմինը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը տեղեկացնէ, թէ ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Հրայր Ճէպէճեան, 14 մայիս 2014-ին ստացած է դոկտորական վկայական` յաջողութեամբ պաշտպանելէ ետք իր աւարտաճառը` «Քրիստոնէական յոյսի պատգամին ընկալումը եւ կիրարկումը հնդիկ աշխատաւորներու կողմէ անոնց արտերկեայ աշխատանքային կեանքին մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ»:
Ճէպէճեան իր վկայականը ստացաւ Նիւ Եորքի Աստուածաբանական Ճեմարանէն` Աստուածաշունչի յանձնառութիւն ճիւղին մէջ, որ կը ձգտի քաջալերել Աստուածաշունչը կարդալն ու հասկնալը` մեկնելով անհատին եւ հաւաքականութեան լեզուական եւ ընկերամշակութային տուեալներէն:
Այս առիթով «Ազդակ» կը շնորհաւորէ իր մնայուն աշխատակիցներէն Հրայր Ճէպէճեանը:
Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական»
Մասնաճիւղի Ձեռնարկները
* Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղի «Դիմակ» թատերախումբը մայիսի սկիզբը Նիկոսիոյ «Փալլաս» թատերասրահին մէջ ներկայացուց Նաթաշա Թաւուգճեանին հեղինակած ու բեմադրած «Դրախտին ճամբան գիտե՞ս…» կատակերգութիւնը:
* 10 մայիսին Ստրովոլոսի քաղաքապետական հանդիսասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Սիփան» պարախումբը` ընկերակցութեամբ մանկապատանեկան «Նանօր» պարախումբին:
15 պարերէ բաղկացած յայտագիրը ընթացաւ սահուն կերպով, հայրենի արուեստագէտ եւ պարուսոյց Պետրոս Ղարիպեանի ղեկավարութեան տակ:
Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ
Երգչախումբերու Համերգ
Նիկոսիոյ «Փալլաս» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոսիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ երգչախումբերուն համերգը, որ նուիրուած էր տասնամեակներու խմբավարներ Վահան Պետելեանի եւ Հայրապետ Թորոսեանի յիշատակին:
Երգչախումբերու վարչութեան անունով Ալեք Ալթունեան դրուատեց Պետելեանին եւ Թորոսեանին անխոնջ աշխատանքը` հիմնելով եւ տասնամեակներ շարունակ ղեկավարելով երգչախումբը:
Նիկոսիոյ քաղաքապետ Կոստանիտինոս Եորկաճիս մատնանշեց երկու խմբավարներու ներդրումին կարեւորութիւնը` մայրաքաղաքի եւ ընդհանրապէս կղզիի երաժշտական եւ մշակութային կեանքին մէջ:
Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին երէցներու, պարմանուհիներու եւ փոքրիկներու երգչախումբերը, որոնց միացան նաեւ ջութակի ընկերակցութեամբ` Լուսի Յովհաննէսեան, տհոլի վրայ` Հայկ Մահտեսեան, քանոնի` Ալիսա Ոսկանեան, իսկ դաշնակի` Նառա Սարտարեան, որ նաեւ խմբավարեց երգչախումբը: Փոքրիկներու երգչախումբին խմբավարն էր Վիքի Գույումճեան:
Միացեալ Նահանգներ
Դեսպան Ճէյմս Ուորլիք Այցելեց
Ազգ. Առաջնորդարան
Մայիս 2-ին առաջնորդ սրբազանը ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիքի այցելութիւնը:
Առաջնորդ սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց պատուարժան հիւրին` իր տուած այցելութեան ու հայ գաղութին հետ երկխօսութեան համար, ինչպէս նաեւ գնահատեց դեսպանին առարկայական մօտեցումը եւ ճշմարտութեան յանձնառութիւնը: Ան նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց հայկական եկեղեցիներու, գերեզմաններու եւ պատմական յուշարձաններու եւ մշակութային կոթողներու աւերման մասին, որոնք պատճառ կը դառնան հայկական ինքնութիւնը ջնջելու այն տարածքներէն, ուր դարեր շարունակ հայեր ապրած են:
Դեսպանը համաձայն գտնուեցաւ, որ այս քանդումները մտահոգիչ են, եւ միջոցներ պէտք է ձեռք առնուին պահպանելու համար մշակութային ժառանգութիւնները: Իսկ Արցախի մասին անդրադառնալով` ան հաստատեց, որ թէեւ շատ դժուար հարց է, սակայն ինք կը յուսայ, թէ իսկական բանակցութիւններով կարելի է լուծման յանգիլ, եւ հաստատեց իր յանձնառութիւնը` մնայուն խաղաղութեան եւ ապահովութեան հասնելու համար:
Առաջնորդ սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանի ճիգերուն համար եւ աւելցուց, թէ սփիւռքահայութիւնը մտահոգութիւններ ու ակնկալութիւններ ունի, որոնք պէտք է նկատի առնուին: Այս աոիթով առաջնորդ սրբազանը յարգելի հիւրին յանձնեց արուեստագէտ Հրայր Բազէի «Երկիր 2 երկիր» նկարչական ալպոմը եւ Ճափոնի մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դեսպան Տայանա Աղաբեկ Աբգարի «Ֆրամ տը պուք աֆ ուան թաուզընտ թէյլզ. սթորիզ աֆ Արմինիա էնտ ից փիփըլ» գիրքը:
Յայտնենք, որ 1 մայիսին առաջնորդ սրբազանը ներկայ գտնուեցաւ Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած, դեսպան Ճէյմս Ուորլիքի հետ յատուկ ընդունելութեան եւ հանդիպման, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Հայ մշակութային հիմնարկութեան կեդրոնին մէջ:
Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄ-ի 30-Ամեակը
Մայիս 2-ին «Տաղլեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի ՀՕՄ-ի 30-ամեակը:
Ձեռնարկին սկիզբը ցուցադրուեցաւ շրջանի ՀՕՄ-ի 30-ամեայ բեղուն գործունէութիւնը արտացոլող տեսերիզ մը: Ապա սրտի խօսք փոխանցեցին Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեան, Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան եւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեան, որոնք բարձր գնահատելով ՀՕՄ-ի տեղական եւ հայրենանուէր գործունէութիւնները` խոստացան շարունակել իրենց նիւթական օգտակար ներդրումը կանացի այս մեծ կազմակերպութեան մարդասիրական ծառայութիւններու յաջողութեան համար:
Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լենա Պոզոյեան խօսք առնելով` հաստատեց, թէ շրջանի ՀՕՄ-ը հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան` պիտի շարունակէ իր երթը հայակերտման եւ ազգային ծառայութեան մէջ:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատգամը փոխանցեց շրջանի ՀՕՇ-ի կապ Անի Քէշիշեան, որ շնորհաւորելով շրջանի ՀՕՄ-ի 30-ամեակը, վեր առաւ անոր տեղական եւ համահայկական մակարդակի աշխատանքները, յատկապէս ընդգծելով անոր նիւթաբարոյական աջակցութիւնը հայոց լեզուի ու մշակոյթի ջահը վառ պահելու գործին մէջ:
Աւարտին, Շրջանային վարչութեան անունով յուշատախտակ մը յանձնուեցաւ Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան ամոլին` իրենց ունեցած ներդրումին համար: Գնահատանքի յատուկ յուշատախտակներ յանձնուեցան նաեւ ՀՕՄ-ի երկար տարիներու նուիրատուներ Յակոբ եւ Մինա Շիրուանեան ամոլին եւ Կարէն Բենեասեանին:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
«Րաֆֆի» Մշակութային Ընկերակցութեան
50-Ամեակը
Մայիս 3-ին Պեւըրլի հիլզի մէջ տեղի ունեցաւ Ռումանահայ «Րաֆֆի» մշակութային ընկերակցութեան 50-ամեակի տօնակատարութիւնը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական օրհնութեան գիրով գնահատած էր «Րաֆֆի» ընկերակցութեան 50-ամեայ գործունէութիւնն ու անոր նուիրեալ ծառայողները:
Առաջնորդ սրբազանը իր օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքին մէջ անդրադարձաւ ընկերութեան գործունէութեան եւ անոր ունեցած ներդրումին` գաղութին մէջ:
Ռուսիա
Ատրիըն Պրոտի, Տասթին Հոֆման Եւ Ալեն Տըլոն`
Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ժապաւէնի Մը Մէջ
«Արմինիա փրոտաքշըն» շարժապատկերի արտադրութեան ընկերութեան նախագահ, շարժապատկերի ռուսահայ արտադրիչ Վալերի Սահակեան պիտի արտադրէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ժապաւէն մը, որուն գլխաւոր դերերը պիտի ստանձնեն` Ատրիըն Պրոտի, Տասթին Հոֆման եւ Ալեն Տըլոն:
Վալերի Սահակեան յայտնեց, որ իր մեծ մայրը Ցեղասպանութենէն վերապրած է: Ան նետուած է բոցավառող թոնիրին մէջ, վստահ ըլլալով, որ պիտի մեռնի, սակայն ողջ մնալով ապրած է, իրեն պատմելով այն բոլոր սարսափներուն մասին, որոնց ականատես եղած է:
Ժապաւէնին նիւթը կը զարգանայ Փարիզի հոգեբուժարաններէն մէկուն մէջ, եւ անոր հերոսն է Կոմիտաս վարդապետ:
Սահակեան վերջերս կապ հաստատած է Սերժ Թանգեանի հետ, որ համաձայնած է յօրինել ապագայ ժապաւէնին երաժշտութիւնը: Օսկարակիր դերասան Ատրիըն Պրոտի պիտի ստանձնէ ժապաւէնին գլխաւոր դերը:

