Գահիրէի ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի Սկաուտական Շարժման Բոցավառ Ջահը Կը Փոխանցուի Սերունդէ Սերունդ
Երկար տարիներ շարունակ կատարուած ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի սկաուտական շարժումը վերականգնելու ճիգերը, որոնց վերջինը 2010-ի ամրան էր, եւ մերօրեայ Եգիպտոսի 25 յունուարի յեղափոխութեան եւ անոր հետեւող քաղաքական անկայուն եւ անապահով պայմանները, որոնց հետեւեցաւ պատասխանատու ՀՄԸՄ-ականներու երկրէն մեկնումը, պատճառ դարձան սկաուտական շարժման վերածննդեան աշխատանքներուն յետաձգումին:
Սակայն մեկնելով այն իրողութենէն, որ «կեանքը պէտք է շարունակուի», ՀՄԸՄ «Արարատ» հարիւրամեայ միութեան սկաուտական շարժումը 60 գայլիկ-արծուիկներով, արի-արենուշներով եւ երէց-պարմանուհիներով պաշտօնական վերածնունդ առաւ ապրիլեան օրերուն, երբ հայրենիքն ու սփիւռքը կ՛ոգեկոչէին Մեծ եղեռնի 99-րդ ամեակը` հայապահպանման առաքելութիւնը փոխանցելով ՀՄԸՄ-ի շունչին տակ նորահաս սերունդին:
Այս նպատակով 23 ապրիլ 2014-ին ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի ակումբին մէջ սկաուտական շարժման խմբապետական կազմը կազմակերպեց հսկումի երեկոյ մը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին:
Մարզադաշտին կեդրոնը սկաուտներուն կողմէ պատրաստուած էր Եղեռնի յուշակոթողի փոքրակերտ օրինակ մը: Տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ խորհրդանշական երթ` Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանին եւ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեանին առաջնորդութեամբ, դէպի բոցավառ խարոյկը, որպէս անմար կրակի խորհրդանիշ, անցնելով տարազաւոր սկաուտներու շարքերուն մէջէն, որոնք բռնած էին Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներու անուններով ցուցատախտակներ` վերյիշեցնելով 100 տարիներ առաջ ջարդերու վայրերը: Խարոյկին շուրջ 12 սկաուտներ շրջանակ կազմած էին, ինչպէս` անմար կրակին շուրջ գտնուող հսկայ խոնարհած քարերը: Ներկաները զետեղեցին ծաղիկներ, որոնք մուտքին կը տրամադրուէին: Ապա ներկաները ուղղուեցան մարզադաշտին կից գտնուող տարածք, ուր տեղի ունեցաւ ծառատնկում Հայոց մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին, ձեռամբ եւ օրհնութեամբ սրբազան հօր:
Մոմերով երթէն եւ ծառատնկումէն ետք ներկաները ուղղուեցան ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի «Մէօթեմետեան» սրահ, ուր մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ «Ցեղասպանութեան որբերը» վաւերագրական ժապաւէնը:
Ապա հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով բացման խօսք կատարեց ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի սկաուտական կազմի խմբապետ Արա Քէօհնելեան, որ յայտարարեց Գահիրէի ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի սկաուտական շարժման պաշտօնական վերածնունդը:
Ան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ահաւորութեան` լուսարձակի տակ առնելով այդ բոլորէն ետք ծնունդը ՀՄԸՄ-ին:
«Ան կը մկրտուի ջարդին արիւնով եւ կը կոչուի Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւն` ՀՄԸՄ, որուն պարտականութիւնը կ՛ըլլայ յաւիտեան ծառայել հայ ժողովուրդին, առողջ ու ամուր նկարագիրով հայ մարդը պատրաստելու նպատակով:
«Արեւելքէն արեւմուտք, մինչեւ օրս 105 մասնաճիւղերով ՀՄԸՄ-ը Ցեղասպանութեան օրերուն դարձաւ հազարաւոր որբերու ծնողը, խնամողը, դպրոցն ու դաստիարակողը: Անմեղ որբերը դարձան իր զաւակները` զիրար կոչելով քոյր եւ եղբայր», ըսաւ Ա. Քէօհնելեան:
Գահիրէի ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի սկաուտական շարժման պաշտօնական վերածնունդին մասին խօսելով` ան ըսաւ, որ պարտինք ամէն գնով նոր սերունդին փոխանցել մեր պապերէն ժառանգած հայապահպանման դրօշը, ինչպէս նաեւ` ՀՄԸՄ-ի գաղափարաբանութիւնը, որովհետեւ կը հաւատանք, որ կեանքը պէտք է շարունակուի, ինչ որ ալ ըլլան պայմանները:
Իր խօսքի աւարտին Արա Քէօհնելեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնած են ՀՄԸՄ-ի եւ իրենց լուրջ մասնակցութիւնը կը բերեն սկաուտական շարժման յաջողութեան:
Աւարտին այս վերածնունդը օրհնեց եւ իր բարի մաղթանքները փոխանցեց առաջնորդ սրբազանը: