Պարսելոնա Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ Օժտուեցան Նոր Մարզիչներով

Ռայըն Կիկզ

Ռայըն Կիկզ

Լուիս Վան Կաալ

Լուիս Վան Կաալ

Լուիս Էնրիքէ

Լուիս Էնրիքէ

 

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իրենց հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն մէջ Պարսելոնա եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ յայտարարեցին, որ ունեցան իրենց նոր մարզիչները:

8 մայիս 1970-ին ծնած Լուիս Էնրիքէ Մարթինես Կարսիա, որ անցեալին մաս կազմած էր Պարսելոնայի, նշանակուեցաւ խումբի մարզիչ, այսպիսով փոխարինելով Ժերարտօ Մարթինոն, որ «Լա լիկա»-ի 2013-2014 տարեշրջանին աւարտէն օր մը ետք ներկայացուց իր հրաժարականը:

Նշենք, որ տասը տարի առաջ Էնրիքէ լքած էր ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:

Ինչ կը վերաբերի Մանչեսթըր Եունայթըտի, հոլանտացի Լուիս Վան Կաալ փոխարինեց Տէյվիտ Մոյեսը` երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով «Կարմիր սատանաներ»-ուն հետ:

62 տարեկան Վան Կաալ իրեն օգնական պիտի ունենայ ակումբի վեթերան մարզիկ Ռայըն Կիկզը, որ շաբաթասկիզբին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը լքէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:

Նշենք, որ Վան Կաալ իրեն հետ պիտի բերէ բերդապահներու հոլանտացի մարզիչ Ֆրանք Հոյեք եւ իրեն այլ օգնական մը` Մարսել Պութ:

Share this Article
CATEGORIES