Փելէ. «Զբօսաշրջիկներուն 25 Առ Հարիւրը Հրաժարած Է Պրազիլ Գալէ»

2005peleՊրազիլցի ֆութպոլի աստղ Փելէի համաձայն, երկրին մէջ կատարուող ցոյցերն ու մարզադաշտերուն շինարարական աշխատանքներուն ճշդուած ժամանակին չաւարտիլը զբօսաշրջիկներուն մօտ կասկած արթնցուցած է, որ Պրազիլ կը յաջողի լաւապէս հիւրընկալել 2014-ի Մոնտիալը:

«Որքան որ տեղեակ եմ եւ կը կարծեմ, որ լսածս ճիշդ է, զբօսաշրջիկներուն 25 առ հարիւրը հրաժարած է Պրազիլ գալէ: Երկիրը արժանացած է մեծ պատիւի` աշխարհի ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու առումով, սակայն անոր ազդանշանին տրուելէն ամիսներ առաջ, ցարդ պատրաստ չեն մարզադաշտերը: Ատկէ բացի, Պրազիլ այլ խնդիրներ ալ կը դիմագրաւէ: Կատարուածը իսկապէս խայտառակութիւն է», կ՛ըսէ Փելէ:

Share this Article
CATEGORIES