Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – Պիպլոս 3-րդ Մրցումը
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր երեկոյեան ժամը 17:50-ին տեղի կ՛ունենայ Ռիատի Պէյրութ – Պիպլոս 3-րդ մրցումը` Մանարայի դաշտին վրայ:
Պէյրութեան կազմը, որ այժմ 2-0 արդիւնքով առաւելութիւն մը ունի Պիպլոսի վրայ, այսօր յաղթանակ մը եւս արձանագրելու պարագային պիտի ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:
CATEGORIES Մարզական

