Ըստ Whoscored.Com-ի. Տարեշրջանի 100 Լաւագոյններուն Մէջ Մխիթարեան` 30-րդ

 

Հենրիխ Մխիթարեան

Հենրիխ Մխիթարեան

WhoScored.com կայքը ներկայացուց 2013-2014 տարեշրջանի հինգ առաջնակարգ ախոյեանութիւններուն` Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Սպանիոյ, Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ հանդէս եկող ֆութպոլիստներուն վիճակագրական տուեալներն ու գնահատականները:

ArmSport.am կը յայտնէ, որ յառաջատարն է Լիվըրփուլի ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարես որ մասնակցած է 33 մրցումի, նշանակած 31 կոլ եւ դարձած 12 կոլի փոխանցման հեղինակ: Անոր փոխանցումներուն ճշգրտութիւնը եղած է 74,8 առ հարիւր եւ ատոր պատճառով ան 14 անգամ ճանչցուած է իբրեւ տեղի ունեցած մրցումներուն լաւագոյն ֆութպոլիստը: Անոր գնահատականն է 8,43:

Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Լիոնել Մեսսի (Պարսելոնա, 8,42), իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (Ռէալ Մատրիտ, 8,25):

Հայաստանի հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան 30-րդ դիրքին վրայ է:

Ան «Պունտըսլիկա»-ի 31 մրցումի մասնակցած է` նշանակելով 9 կոլ եւ 10 կոլի փոխանցում կատարելով: Ան 70 անգամ հարուածած է դէպի մրցակիցին բերդը, այսինքն` իւրաքանչիւր մրցումի միջինը` 2,3 հարուած: Անոր կողմէ կատարուած 1128 փոխանցումներուն 863-ը ճշգրիտ եղած են: Անոր փոխանցումներուն ճշգրտութեան տոկոսը եղած է 76,5:

Մխիթարեան 3 անգամ ճանչցուած է մրցումներուն լաւագոյն ֆութպոլիստ: Անոր գնահատականն է 7,58:

Առ ի տեղեկութիւն, ան գերազանցած է անուանի ֆութպոլիստներ, որոնց կարգին` Արժեն Ռոպեն (35-րդ), Սերճիօ Ռամոս (50-րդ), Տենի Ալվես (62), Քարիմ Պենզեմա (66), Թիակօ Սիլվա (74) եւ ուրիշներ:

 

Share this Article
CATEGORIES