Շիքակոյի Կէս Մարաթոն. Լիբանանցի Շիրին Նըժէյմ Հանդիսացաւ Երկրորդ
Միրիամիին – Շանվիլ ակումբին մաս կազմող լիբանանցի ախոյեան Շիրին Նըժէյմ, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Շիքակոյի (Միացեալ Նահանգներ) կէս մարաթոնին, յաջողեցաւ բաւական տպաւորիչ արդիւնք արձանագրել, երբ 21,0975 քմ երկարութիւն ունեցող վազքի այս մրցումին կրցաւ հանդիսանալ երկրորդ` 2483 մասնակցողներուն մէջ:
Ատկէ բացի, ան 25-29 տարեկան դասակարգին մէջ 646 մասնակցողներուն մէջ հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 1 ժամ 25′ 54″ արդիւնք մը:
Տեղին է նշել, որ ան շուրջ ամիս մը առաջ իր մասնակցութիւնը բերելով Շիքակոյի գլխաւոր Մարաթոնին (42,195 քմ), հանդիսացաւ հինգերորդ` արձանագրելով 3 ժամ 06′ 00″ արդիւնք մը:
Այժմ Շիրին Նըժէյմ կը պատրաստուի եւ կը փորձէ ամէն ճիգ ի գործ դնել` բարելաւելու համար լիբանանեան մրցանիշը (3 ժամ 00′ 02″):
CATEGORIES Մարզական

